«Բացառւում է մաքսակէտ ունենալ Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ», յայտարարած է Արցախի վարչապետ Արա Յարութիւնեան Արցախի համալսարանին մէջ կայացած հանդիպման ընթացքին, ուսանող երիտասարդներուն հետ:
Ի պատասխան այն հարցումին, թէ կրնա՞յ ըլլալ, որ Եւրասիական տնտեսական միութեան Հայաստանի անդամակցութենէն ետք Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի միջեւ մաքսակէտ դրուի՝ Ա. Յարութիւնեան ընդգծած է. «Երկու պատասխան նշեմ: Առաջին՝ բացառւում է մաքսակէտ ունենալ Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի միջեւ: Ի դէպ, կան մարդիկ, ովքեր ներկայ հսկիչ կէտերը շփոթում են մաքսակէտերի հետ, այն ինչ դրանց գործառոյթն ուղեւորափոխադրումներն ու ապրանքաշրջանառութիւնը վերահսկելն է», նշած է ան։
Լեռնային Ղարաբաղի վարչապետին համաձայն՝ «երկրորդ՝ անհնար է մաքսակէտ ունենալ, քանի որ դա նշանակում է սահմանի վերահսկողութիւն սահմանա- պահների կողմից, իսկ Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի միջեւ առկայ են տասնեակ ճանապարհներ, որոնց հսկողութիւնը տեխնիկապէս անհնար է»: