Հոկտեմբեր 5-ին Լեռնային Ղարաբաղի Շուշի եւ Ֆրանսայի Բուրգ Լէ Վալանս քաղաքներու միջեւ ստորագրուած է Բարեկամութեան հռչակագիր։

Լեռնային Ղարաբաղի Արտաքին գործերու նախարարութեան տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցմամբ՝ հռչակագիրը ստորագրած են Շուշիի քաղաքապետ Արծուիկ Սարգսեանն ու Արցախ ժամանած Ֆրանսայի Բուրգ Լէ Վալանսի քաղաքապետ Մարլէն Մուրիէն։
Հռչակագրի նպատակն է զարգացնել երկու քաղաքներու միջեւ յարաբերութիւնները եւ խթանել համատեղ ծրագրերու իրականացումը կրթութեան, մշակոյթի, սպորտի, առեւտուրի եւ տեղական կառավարման բնագաւառներուն մէջ։
,Ողջունելով Լեռնային Ղարաբաղի՝ Արցախի Հանրապետութեան ժողովուրդի եւ իշխանութիւններու հետեւողական քայլերը՝ ուղղուած ազատ եւ ժողովրդավարական հասարակութեան ստեղծմանն ու զարգացմանը, ու գիտակցելով, որ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի մեկուսացումը չի նպաստեր ժողովուրդներու երկխօսութեան եւ վերջնական խաղաղութեան հաստատման՝ կողմերը որոշած են բարեկամական կապեր հաստատել երկու քաղաքներուն միջեւե գրուած է: