ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան պաշտօնական այցելութեամբ Իրան կը գտնուի՝ Իրանի առաջին փոխնախագահ Էսհաղ Ջահանկիրիի հրաւէրով, որուն հետ հանդիպում ունեցած է թագաւորական «Սաատապատ» պալատին մէջ։

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան Բանակի տուեալներով, Հոկտեմբեր 12-18, Ղարաբաղ-Ատրպէյճան սահմանագիծի տարբեր կէտերու վրայ հակառակորդը հրադադարը խախտած է 550 անգամ, որուն ընթացքին տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ, հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակուած է աւելի քան 5000 կրակոց:

Սկսած Է ՀՀ Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի
Պաշտօնական Այցը Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւն

Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան առաջին փոխ նախագահ Էսհաղ Ճահանկիրի հրաւէրով ժամանած է Իրան:

Արցախեան վերակերտուած գիւղի մը մէջ, Հայաստան Համահայկական հիմնադրամը կառուցեց համայնքային կեդրոն մը, ուր բնակիչները կը մասնակցին գիւղի հանրային կեանքին, ձեռնարկներ կը կազմակերպեն եւ բժշկական տարրական խնամք կը ստանան:

Արդէն երկրորդ տարին է, որ Հոկտեմբերի երկրորդ Կիրակին Արցախի մէջ կը նշեն գիւղատնտեսի օրը, որը կ'ուղեկցւուի բերքի տօնով: Հանրապետութեան հրապարակին վրայ արդէն կանուխէն կը տեղադրուին տաղաւարներ, ուր Արցախի բոլոր շրջաններէն ժամանած ներկայացուցիչները պէտք է ներկայացնէին իրենց բերքն ու բարիքը: