Անխառն ուրախութեամբ եւ յուզումով կ՛ղջունենք մեր գրական անդաստանէն ներս մուտքը աւետաբեր նորածինի մը, որ կենսունակութեան մը բոլոր նախանշաններով, նոր ճամբայ բանալու, գրական անտէր կալուածը ուռճացնելու խոստումներ կու տայ մեզի:

Ճիշդ տասը տարի առաջ, 1951 Նոյեմբեր 29-ին աչքերը յաւէտ կը փակէր Ն. Փալանճեան Ճեմարանի հիմնադիր-տնօրէն, մեծանուն գրագէտ եւ մանկավարժ Լեւոն Շանթ: Եւ տեղին էր, որ անոր մահուան տասնամեակը յիշէին հանդիսաւոր կերպով նախ ի՛ր աշակերտ-աշակերտուհիները:

Յոբելենական երեկոյթով մը Լենինականի պետական թատրոնին մէջ տօնուեցաւ Արմէն Արմէնեանի ծննդեան 90-ամեակը եւ թատերական գործունէութեան 70-ամեակը: Հայաստանի մշակոյթի  նախարարին տեղակալին՝ Անդրանիկ Շահինեանի բացման հակիրճ խօսքէն ետք, բազմավաստակ արուեստագէտին կեանքին եւ գործունէութեան մասին խօսեցաւ թատերագէտ Լեւոն Խալաթեան:

«Արեւելք» (7 Դեկտեմբեր) կը գրէ.- Երէկ Հալէպի նորընտիր երեսփոխանները այցելեցին Բերիոյ թեմի առաջնորդ  Ղեւոնդ արքեպիսկոպոսին: Յարգելի երեսփոխանները հիւրասիրուեցան առաջնորդարանի դահլիճին մէջ:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Զարեհ Ա.ի հովանաւորութեամբ, Հ.Յ. Դաշնակցութեան Զաւարեան ուսանողական միութիւնը կազմակերպած է յիշատակի հանդէս մը, մեծ հայասէր Ֆրետիոֆ Նանսէնի ծննդեան100-ամեակին առթիւ, Կիրակի, 10 Դեկտեմբերին, Ամերիկեան համալսարանի մատուռին  մէջ: