Գոքինիոյ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնակատարութեան պատարագէն ետք  պատրաստուած մատաղի 1500 ծրարիկները հազիւ բաւեցին եկեղեցին ողողած բազմութեան:

Մատաղի պատրաստութեան  համար զանազան ազգայիններու կողմէ նուիրուած էին 15 ոչխարներ:  Յաջորդաբար տեղի ունեցաւ հանդէս՝ մեծանուն նորվէկիացի Նանսէնի յիշատակին՝ հովանաւորութեամբ Ազգ. առաջնորդարանի եւ Ազգ. Կեդր. Վարչութեան: Յունահայ գաղութին կողմէ ֆրանսերէն ճառ մը խօսեցաւ Ազգ. Կեդր. Վարչութեան ատենապետ պրն. Ներսէս Յակոբեան եւ Կեդր. վարչութեան անդամ պրն. Պատրիկ Սարգիսեան՝ հայերէնով խօսեցաւ: Երկու պարոնները հայ ժողովուրդի երախտագիտական զգացումները յայտնեցին հանդէպ հանգուցեալ հայասէրին եւ միաժա-մանակ վեր առին անոր մարդասիրական եւ հայասիրական գործը: Վերջին խօսողը եղաւ Նորվեկիոյ Աթէնքի դեսպան պրն. Փիթըր Ագներ: Նորվեկիոյ դեսպանը  խորապէս ազդուած՝ ֆրանսերէն լեզուով իր հիացմունքը յայտնեց հայ ժողովուրդին մասին: Շեշտեց թէ ինք միշտ պատրաստ է օժանդակելու հայոց՝ երբ հարկ ըլլայ: Դասին մէջ պատրաստուած էր սգաբեմ մը, որուն վրայ դրուած էր Նանսէնի մեծադիր նկարը եւ քովը՝ յունահայ գաղութին կողմէ՝ դափնեպսակ մը: Հուսկ, հիւրերը մեկնեցան եկեղեցիէն: Ազգ. Կեդր. վարչութեան ատենապետ՝ պրն. Ներսէս Յակոբեան իր խօսքին մէջ ըսաւ.- «Բացառիկ խնդութեամբ մըն է, որ կը տօնակատարենք այս պահուս ծննդեան հարիւրամեակը  մեր բարեկամին, հայերու մեծ պաշտպանին: Նանսէնի անձը փառաւորողը՝ իր տաղանդը չէր, այլ իր արտակարգ քաջութիւնը կեանքի բոլոր դժուարութիւններուն եւ անարդարութիւններուն դէմ եւ յատկապէս՝ իր բարի սիրտը՝ թշուառութիւններու եւ դժբախտութիւններու հանդէպ:  Նանսէն համայն տիեզերքի բարոյական մեծ առաջնորդն է եւ իր անունը յաւիտենապէս պիտի փառաւորուի եւ պիտի մնայ անջնջելի մարդկութեան յիշողութեան մէջ:  (Շար. 2)