Պոլսոյ թրքական «Քարիքաթիւր» թերթը յարձակողական մը տպագրած է փոքրամասնութեանց եւ մասնաւորաբար հայերու դէմ, որոնք ամբաստանուած էին Հալք կուսակցութեան ի վնաս քուէարկութեամբ:

Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ ամսոյս 8-10 տեղի ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու «Օփըրէյշըն ռիսըրչ սոսայիթի oֆ Ամերիկա» համագումարը, որուն կը մասնակցէին բազմաթիւ գիտնականներ: Այդ գիտնականներու մէջ կը գտնուէին երեք հայեր՝ Մանկասարեան, Մուրատեան եւ Տէր Կարապետեան:

Համազգայինի Պէյրութի վարչութեան նախաձեռնութեամբ, եգիպտահայ յայտնի նկարիչ Օննիկ Աւետիսեան տուաւ հետաքրքրական դասախօսութիւն մը՝ «Հայ արուեստներու կարեւորութիւնը հայապահպանման գործին մէջ» նիւթին շուրջ:

Յունահայ թեմի առաջնորդ գերշ. Տ. Սահակ  սրբազան, ներկայ գտնուած է Աթէնքի լիբանանեան դեսպանատունը, Լիբանանի անկախութեան տարեդարձին առթիւ տեղի ունեցած ընդունելութեան ընթացքին:

Երեւանի կարգ մը փողոցները տարբեր անուններով մկրտելու որոշում տուած է Երեւան քաղաքի խորհուրդին գործադիր կոմիտէն: Այսպէս, Լենինի անունը կրող պողոտան այսուհետեւ պիտի կոչուի Յովհաննէս Թումանեանի փողոց: