Երեւանի Պատմութեան թանգարանը օժտուած է նոր բաժինով մը, որ նուիրուած է 19-րդ դարու հայութեան պատմութեան: Յատուկ պատրաստուած քարտէսներով ցոյց կը տրուին ռուս բանակներու դէպի Կովկաս արշաւանքները եւ անոնց յաջորդող Գիւլիստանի դաշնագրին ստորագրութիւնը (1813),
ինչպէս նաեւ 1826-27 եւ 1928-29ի ռուս-պարսկական եւ ռուս-թրքական պատերազմները, արեւելեան Հայաստանը գրաւելու ատեն Շամխորի, Օշականի, Սարդարապատի, Աբասապատի ճակատամարտերը, ուր հայ կամաւորներուն օգնութեամբ փայլուն յաղթանակներ տարին ռուսական բանակները: Այս բաժինի մէջ ներկայացուած են հայ կամաւորներուն եւ տեղացի հայ ժողովուրդին անհուն զոհողութիւնները եւ պայքարները պարսիկներուն եւ թուրքերուն դէմ: Ցուցադրուած են այն ա-տենուան կոչերը՝ ուղղուած հայութեան, ըմբոստանալու համար պարսիկներու արիւնոտ լուծին դէմ: 1827 Սեպտեմբերի վերջ, ռուս զօրքերը եւ հայ կամաւորներու ջոկատները կը պաշարեն Երեւանի բերդը, եւ քանի մը յարձակումներէ ետք կը կոտրեն պարսիկ խաներու դիմադրութիւնը եւ Հոկտեմբեր մէկին կը մտնեն Երեւան: Այս ձեւով կÿիյնայ պարսիկներու դարաւոր բռնակալութեան վերջին յենարանը Հայաստանի մէջ: Հայութիւնը, հաւատացած, որ ռուսերը վերջ տալէ ետք պարսկական տիրապետութեան՝ պիտի հաստատեն Հայաստանի անկախութիւնը, ցնծութեամբ կը դիմաւորէ ռուս բանակներուն յաղթանակները: Այս մասին կը պատմէ «Երեւանի գրաւումը» տրամապատկերը: Անցնելէ առաջ միւս բաժիններուն, ըսենք, որ հոս ցուցադրուած են Երեւանի գրաւումին օժանդակած զինուորականներու դիմանկարները: Բազմաթիւ ցուցափեղկեր կը պատմեն Հայաստանի արհեստագործութեան՝ Վանի ոսկերչութեան, Էրզրումի (Կարին) զինագործութեան եւ այլ վայրերու ժողովուրդին զբաղումներուն մասին: Հայ արհեստաւորներուն աշխատանքը պատկերացնող նկարներուն հետ ցուցադրուած են գործիքներ եւ գեղեցիկ նմուշներ իրենց շինածներէն: