-Յունուարի մէջ Թեսաղոնիկէի Խ.Ա.Ն.ի ընդարձակ սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ Հ.Յ.Դ. Երիտասարդաց միութեան «Դանիէլ Վարուժան» խումբի երեկոյթը, որ արձանագրեց իր տեսակին մէջ գրեթէ աննախընթաց յաջողութիւն մը: Օրեր առաջ, Երիտասարդացի վարչութիւնն ու երկսեռ անդամները լծուած էին մեղուաջան

Տիկին Մալխասի Միացեալ Նահանգներ վերադարձի առթիւ, Համազգայինի Կեդր. վարչութեան հրաւէրով, տեղի ունեցաւ վաստակաւոր գրագէտ Մալխասի նուիրուած յիշատակի ոգեկոչումի հաւաքոյթ մը,

Մարմարա» (17 Յունուար) կը գրէ.- Այս առաւօտ ժամը 11:00-ին Շնորհք պատրիարք Գալուստեան, ընկերակցութեամբ Արամ քահանայ Պասմաճեանի, Կարապետ Ղազարեանի եւ    Եդուարդ Պեզազի, նախապէս առնուած ժամադրութեամբ մը, այցելեց քաղաքիս կուսակալ  զօր. Ռեֆիք Թուլկայի եւ մօտ կէս ժամ շատ սիրալիր տեսակցութիւն մը ունեցաւ անոր հետ:

Հայրենիք»-ի մէջ (18 Յունուար) կը կարդանք.-  Ծանօթ է մեր ժողովուրդի բոլոր խաւերուն՝ մայր Սոֆիա Յակոբեանի 100.000 տոլարի նուիրատուութիւնը Հայ Օգնութեան Միութեան, անցեալ տարի:

Հռոմի հայ գաղութը Դեկտեմբերի վերջին օրը նշած է հայր Ղեւոնդ Ալիշանի մահուան 50-ամեակը: Եկեղեցական արարողութիւններէն ետք վարժարանի ընդարձակ դահլիճին մէջ սկսած է հանդիսութիւնը: