Ճիշդ տասը տարի առաջ, 1951 Նոյեմբեր 29-ին աչքերը յաւէտ կը փակէր Ն. Փալանճեան Ճեմարանի հիմնադիր-տնօրէն, մեծանուն գրագէտ եւ մանկավարժ Լեւոն Շանթ: Եւ տեղին էր, որ անոր մահուան տասնամեակը յիշէին հանդիսաւոր կերպով նախ ի՛ր աշակերտ-աշակերտուհիները:
Այդպէս ալ Ն. Փալանճեան Ճեմարանի «Վասպուրական» սրահին մէջ, Դեկտեմբեր 12-ին, Ճեմարանի Շրջանային միութեան կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ այդ յիշատակի հանդէսը, ներկայութեամբ հոծ բազմութեան մը: Յայտագրին մաս կը կազմէին նուագ եւ ընթերցումներ՝ Լեւոն Շանթի ոտանաւոր եւ արձակ գրականութենէն: Օրուան երկու խօսք առնողներն ալ աշակերտներն էին մեծ հանգուցեալին. Մ. Իշխան եւ Գ. Շահինեան: Երկու դասախօսներն ալ արժանաւորապէս ներկայացուցին Լեւոն Շանթը՝ որպէս գրագէտ եւ Մարդ, դիտելով զայն իր գրականութեան պրիսմակէն: Եւ գտան, որ Լեւոն Շանթ եղած է, իբրեւ իւրայատուկ դէմք, անկիւնաքարերէն մէկը մեր արդի գրականութեան, այլ մանաւանդ որպէս մարդ եղած է մեծ ու բացառիկ դէմք մը: Կը յուսանք, որ վարակիչ կ՛ըլլայ օրինակը եւ այլ տեղեր ալ կը սարքուին յիշատակի նման հանդէսներ, որովհետեւ Լեւոն Շանթի անձնաւորութիւնն ու գրականութիւնը որքան քրքրուին, միշտ նոր գեղեցկութիւններ կրնան ցուցահանուիլ. որքան մատուցուին, այնքան կը բարձրացնեն ժողովուրդին նկարագիրը եւ կը ճոխացնեն անոր գաղափարներու եւ տեսիլներու աշխարհը:
Հայաստանի մամուլը երկար զբաղեցաւ գինով շարժավարներու հարցով: Հրատարա- կուեցան զգաստութեան եւ հակաալքոլամոլութեան կոչեր, յօդուածներ, մինչեւ իսկ Սեպտեմբեր ամիսը, նշանակուեցաւ «անվտանգ երթեւեկութեան» ամիս: Այժմ փոխադրակառքերու եւ հանրակառքերու երթեւեկութիւնը կանոնաւորելու համար կառավարութիւնը պատիժներ սահմանեց, բոլոր անոնց, որոնք գինով վիճակի մէջ կ՛ըլլան: