Յոբելենական երեկոյթով մը Լենինականի պետական թատրոնին մէջ տօնուեցաւ Արմէն Արմէնեանի ծննդեան 90-ամեակը եւ թատերական գործունէութեան 70-ամեակը: Հայաստանի մշակոյթի նախարարին տեղակալին՝ Անդրանիկ Շահինեանի բացման հակիրճ խօսքէն ետք, բազմավաստակ արուեստագէտին կեանքին եւ գործունէութեան մասին խօսեցաւ թատերագէտ Լեւոն Խալաթեան:
- Արուեստագէտ Արմէն Արմէնեանի անունին հետ կապուած են հայ թատրոնի կեանքին եւ պատմութեան հետ կապուած բազմաթիւ իրողութիւններ: Ինչպէս արտասահմանի, այնպէս ալ Հայաստանի մէջ անգնահատելի աշխատանքներ կատարած է թատերական արուեստին զարգացման եւ երիտասարդ արուեստագէտներու դաստիարակման համար: Մեծ դեր խաղաց Լենինականի թատրոնը կազմակերպելու գործին մէջ: Արդարեւ, 1922 յուլիսին Լենինականի մօտերը երկու անգամ բեմադրեց «Սասունցի Դաւիթ»ը, որուն մասնակցեցան մօտ տասը հազար անխօս դերակատարներ (Ֆիկիւրան), հեծեալներ եւ երկու փողային նուագախումբեր: Իր բեմական գործունէութեան տարիներուն ներկայացուցած է 110 թատրերգութիւններ: Լեւոն Խալաթեանի խօսքէն ետք ամպիոն բարձրացան եւ յոբելեարին կեանքն ու գործը դրուատեցին բազմաթիւ պաշտօնական անձնաւորութիւններ: Երեւանի եւ Լենինականի արուեստագէտներուն միացեալ ուժերով գործադրուեցաւ գեղարուեստական բաժինը:
Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ գիտական համագումար մը, նուիրուած շատ կարեւոր հարցի մը քննութեան՝ «տնտեսական հետազօտութիւնները եւ ժողովրդային տնտեսութիւնը կազմակերպելու ատեն ուսողական եւ վիճակագրական մեթոտներուն, ինչպէս նաեւ արդի հաշուական թեքնիքին գործադրութեան միջոցները»: Համագումարը հրաւիրած էր Հայաստանի գիտութիւններու ակադեմիային տնտեսագիտութեան հիմնարկութիւնը եւ Մոսկուայի Աշխատանքի գիտահետազօտական հիմնարկութիւնը: