«Արեւելք» (7 Դեկտեմբեր) կը գրէ.- Երէկ Հալէպի նորընտիր երեսփոխանները այցելեցին Բերիոյ թեմի առաջնորդ  Ղեւոնդ արքեպիսկոպոսին: Յարգելի երեսփոխանները հիւրասիրուեցան առաջնորդարանի դահլիճին մէջ:

Սրբազան հայրը շնորհաւորեց զիրենք եւ յաջողութիւն մաղթեց իրենց վստահուած ծանր պաշօնին մէջ‘ ի բարօրութիւն եւ բարգաւաճում սուրիական եւ արաբական հայրենիքին: Երեսփոխաններու  կողմէ խօսք առաւ տոքթ. Մաարուֆ Տաուալիպի, որ շնորհակալութիւն յայտնեց սրբազան հօր գեղեցիկ մաղթանքներուն համար եւ յայտնեց, թէ ամէն զոհողութիւն յանձն պիտի առնեն հայրենիքին վերելքին եւ անոր փառքի կերտումին համար: Այցելութիւնը թէեւ կարճ տեւեց, բայց մեծ էր խանդավառութեան ոգին եւ գնահատելի՝ սիրոյ մթնոլոտը:

Ամերիկայի մեր ծանօթ ընկերներէն Արթըր Կիրակոսեան հիւանդանոց փոխադրուած եւ ենթարկուած էր վիրաբուժական գործողութեան մը: Գործողութիւնը յաջող անցած ըլլալով, ընկերը ապաքինումի ճամբուն մէջ մտած է:

Ուստրի մէջ (Ամերիկա) Դաշնակցութեան 71- ամեակի տօնակատարութեան առթիւ, որ տեղի ունեցած է 3 Դեկտեմբերին, վեց նոր երիտասարդներ կատարած են իրենց երդումը եւ մտած՝ շարքերը: Այս նոր ընկերներուն բոլորն ալ բարձրագոյն կրթութիւն ստացած երիտասարդներ են: Երդման արարողութիւնը կատարած է ընկեր Սեդրակ Մինաս:

Ամսոյս 2-ին Պելճիքայի Անվերս քաղաքին մէջ  տեղի ունեցած է պելճիքահայերու առաջին հանդիպումը, Տիկնանց միութեան կազմակերպած պարանցիկ-երեկոյթով: Խանդավառ մթնոլորտի մէջ շարունակուած է պարանցիկը, որմէ գոյացած է կլոր գումար մը, ի նպաստ տիկնանց միութեան: