Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Զարեհ Ա.ի հովանաւորութեամբ, Հ.Յ. Դաշնակցութեան Զաւարեան ուսանողական միութիւնը կազմակերպած է յիշատակի հանդէս մը, մեծ հայասէր Ֆրետիոֆ Նանսէնի ծննդեան100-ամեակին առթիւ, Կիրակի, 10 Դեկտեմբերին, Ամերիկեան համալսարանի մատուռին  մէջ:

Յիշատակի այս հանդէսը, որ Կիլիկիոյ վեհափառ կաթողիկոսի հովանաւորութեամբ համազգային բնոյթ կը ստանայ, երախտագիտութեան դոյզն արտայայտութիւն մըն է հանդէպ ազնիւ նորվեկիացիի մը, որուն սրտին մէջ այնքան լայն տեղ ունէր հայ ժողովուրդն ու անոր արդար դատը: Հայ ժողովուրդը երախտագէտ ժողովուրդ է: Երբեք չի մոռնար այն ձեռքը, որ գէշ օրերուն, ճգնաժամային պահերուն, երկարած են իրեն խոր մարդասիրութեամբ տոգորուած հոգիներ, որոնք ճանչցած են ու սիրած զինք: Նանսէնի անունը անքակտելիօրէն կապուած է հայ ժողովուրդի ժամանակակից պատմութեան, որուն կարեկից մօտեցում ունեցաւ Նորվեկիոյ մեծ զաւակը, որ մարդկութեան խիղճը  որպէս, առաջին աշխարհամարտի  վաղորդայնին, ծառացաւ այն արհամարհանքին ու ուրացումին դէմ, որուն կ՛ենթարկուէր  հայութիւնը եւ անոր արդար դատը՝ դաշնակիցներու կողմէ: Անկախ իր այս հանգամանքէն, որ այսօր իր յիշատակին շուրջ կը բոլորէ հայութիւնը, Նանսէն արժանի է միջազգային յարգանքի, իբրեւ բացառիկ գիտուն ու տաղանդաւոր գրագէտ, որ հանդիսացաւ առաջին բեւեռախոյզը եւ արդար մարդը… Քիչ չէ թիւը անոնց, որոնք տակաւին իրենց գրպանին մէջ ունին «Նանսէնեան» անցագիր: Կար ժամանակ, երբ հայութեան բեկորները, միայն այդ անցագիրով կը տեղափոխուէին աշխարհի մը մէջ, որ այնքան անգութ եղած էր իրենց հանդէպ ու անկարեկիր: Այսօր, երբ Նորվեկիա կը տօնէ իր մեծ զաւկին ծննդեան հարիւրամեակը՝ շքեղ հանդիսութիւններով, վստահ ենք, որ հայ ժողովուրդի երախտագիտական արտայայտութիւնները, որոնք կ՛ըլլան հրապարակային հանդէսներով, պիտի հանդիսանան պսակումը այն համաշխարհային յարգանքին, որ Նանսէնի անունը կը գտնէ քաղաքակիրթ աշխարհին մէջ: