Հայաստանի Կալինինօ շրջանի Նովոսելցովօ գիւղին ժողովուրդը «Կապոյտ խոպանը» կ'անուանէ սարահարթին վրայ գտնուած եւ եղէգներով ծածկուած ճահիճները:

Մասնագէտներու ջանքերով երկու մեծ ճահիճներ միացուած են եւ ջուրին մակարդակը բարձրացուած է ու այս ձեւով մէջտեղ եկած է 12 հեկտար մակերեսով լճակ մը: Վրաստանէն տարուած են ծածան ձուկեր, ինչպէս նաեւ ջրային թռչուններ: Տարւոյն ընթացքին Նովոսելցովցիները իրենց «Լճակ»էն արդէն ստացած են 1700 քիլօ բադի միս: Որոշած են գալ տարի հոն խնամել երեքէն 4000 բադ եւ սագ:

Գ. Տէր Գրիգորեանի «Վերջին Մեխակները» թատրերգութիւնը ներկայացուած է Լեհաստանի մէջ խաղարկութեամբ լեհ դերասաններու: Այս առթիւ փոքրիկ գրքոյկ մըն ալ շրջանառութեան դրուած է «Հեռաւոր, բայց մօտիկ Հայաստանը» խորագրով, ուր թատրերգութեան նիւթին առընթեր տրուած են ծանօթութիւններ մեր պատմութեան, գրականութեան, յատկապէս թատրոնին մասին:

Հայաստանի հիւսիս-արեւելքը, բարձր լեռներու գրկին մէջ կը գտնուի, Նոյեմբերեանի շրջանը, որ ծանօթ է իր ընդարձակ մրգաստաններով, ուր կը բուսնին դեղձ, խնձոր, տանձ, ծիրան եւայլն: Իսկ անծայրածիր անտառները հարուստ են նաեւ վայրի պտուղներով եւ հատապտուղներով, որոնցմէ ամէն տարի կը պատրաստուին մեծ քանակութեամբ անուշահամ պահածոներ: Ծով մրգաստաններու այս առատ բերքը վերամշակելու համար, շրաջնի Այրի գիւղին մէջ շինուած է պահածոներու գործարան մը, որուն տարեկան արտադրութիւնը պիտի ըլլայ 30 միլիոն տուփ:

Արեւելեան Գերմանիայէն խումբ մը բնագէտներ այցելած են Հայաստանի մէջ բուսնող դեղաբոյսերուն: Միեւնոյն ատեն հետաքրքրուած են այդ ասպարէզին մէջ հայ բուսաբաններուն կատարած աշխատանքներով: