Ս. Զատիկի տօնական օրերու առիթով այս տարի եւս տեղի ունեցաւ այլեւս աւանդական դարձած Հ.Մ.Ը.Մ.ի Աթէնքի եւ Թեսաղոնիկէի պասքէթի խումբերու միջմասնաճիւղային մրցաշարքը, որ մարզականէն աւելի, ազգային կարեւոր ձեռնարկի մը բնոյթը ստացած է զոյգ շրջաններու երիտասարդութեան մէջ իր ստեղծած խանդավառութեամբ։

Այս է գլխաւոր պատճառը որ թէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային եւ թէ Թեսաղոնիկէի մասնաճիւղի վարչութիւնները, ի գին նիւթական նշանակալից զոհողութեանց կ'աշխատին ամէն տարի կազմակերպել այս ձեռնարկը, ստեղծելով երկու շրջաններու նորահաս երիտասարդութեան իրարու հետ շփման մէջ մտնելու գեղեցիկ պատեհութիւնը։ Այսպէս Զատիկի Կիրակին՝ դիմաւորեցին Աթէնքի շրջանի իրենց քոյրերն ու եղբայրները, որոնց հետ քանի մը հաճելի օրեր պիտի անցընէին ընկերական ջերմ մթնոլորտի մը մէջ։ Խումբը ժամանեց գլխաւորութեամբ Շրջ. վարչութեան ատենապետ եղբ. Պատրիկ Սարգիսեանի ու ընկերակցութեամբ Շրջ. վարչութեան անդամներէն եղբ. Դանիէլ Դանիէլեանի, Աւետ Խաչատուրեանի եւ Յակոբ Ճէլալեանի։ Յաջորդ օրը տեղի ունեցան մրցումներ, ու անկէ վերջ ԽԱՆի սրահներուն մէջ տեղի ունեցաւ երեկոյթ մը՝ ի պատիւ Աթէնքի Հ.Մ.Ը.Մ.ականներուն, ուր Հ.Մ.Ը.Մ.ի Թեսաղոնիկէի մասնաճիւղի վարչութեան կողմէ եղբ. Կարապետ Գալֆայեան քանի մը խօսքով երեկոյթը բացաւ եւ սրտագին բարի գալուստ մաղթելով հիւրերուն՝ խօսքը տուաւ Շրջ. վարչութեան ատենապետին որ իր գնահատանքը յայտնեց Թեսաղոնիկէի մասնաճիւղի գործունէութեան եւ իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց Թեսաղոնիկէի Հ.Մ.Ը.Մ.ականներուն եւ հասարակութեան, իրենց եղած ջերմ հիւրասիրութեան համար։ Առ ի գնահատութիւնը տեղւոյս մասնաճիւղի գործունէութեան, բուռն ծափերու մէջ մասնաճիւղիս վարչութեան տենապետ եղբ. Մկրտիչ Սվաճեանի յանձնեց քառասնամեակի առիթով տեղւոյս մասնաճիւղին տրամադրուած մետալը, ինպչէս նաեւ յաղթական խումբին Շրջ. վարչութեան կողմէ յատկացուած բաժակը։