Յունահայ թեմի Պատգամաւորական ժողովի հերթական նիստը գումարուեցաւ Ապրիլ 15-ին, Աթէնքի Առաջնորդարանի սրահին մէջ, նախագահութեամբ՝ յունահայ թեմի առաջնորդ գերշ. Տ. Սահակ եպս. Այվազեանի եւ ի ներկայութեան 32 պատգամաւորներու։

Ժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին արժ. Տէր Ներսէս աւագ քհնյ. Խոշորեան՝ ի դէմս Կրօնական ժողովոյ, Ազգ. Կեդր. վարչութիւնը, Տնտեսական եւ Կրթական խորհուրդները, որոնք հանդէս եկան բարոյական եւ նիւթական առանձին զեկուցումներով։ Ժողովը գոհունակութեամբ արձանագրեց յունահայ թեմի ազգային կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ կատարուած շօշափելի նուաճումները, շնորհիւ՝ պատասխանատու մարմիններու կողմէ ցոյց տրուած գիտակցական ոգիին,  զոհաբերութեան ու խղճմտութեան, ազգային պարտականութեանց նկատմամբ։ Պատգամաւորական ժողովը, անգամ մը եւս իր անվերապահ գնահատանքն արտայայտեց Կրօնական ժողովին, Ազգ. Կեդր. վարչութեան, Տնտեսական եւ Կրթական խորհուրդներուն՝ ձեռք բերուած քաջալերական արդիւնքներուն համար։ Ազգ. Կեդր. վարչութիւնը իր աշխատանքներու արդիւնաւորման մէջ իրեն զօրավիգ ունեցած է հելլէն իշխանութեանց բարեացակամութիւնը, Թաղային մարմիններու օրինապահութիւնն ու յունահայութեան ստուար զանգուածին վստահութիւնն ու համակրանքը։ Ազգ. Կեդր. վարչութեան գործունէութեան մէջ նշելի է իր ցոյց տուած նախանձախնդրութիւնը՝ յունահայ թեմը ինքնաբաւ դարձնելու եւ այդ կապակցութեամբ տարուած աշխատանքները, որոնց արդիւնքներուն ականատես պիտի ըլլայ մեր հասարակութիւնը յառաջիկային։ Ազգ. Կեդր. վարչութեան ատենապետ պրն. Ներէս Յակոբեան, գոհունակութեամբ արտայայտուեցաւ մեր վարժարաններու տարած նախախնամական դերի մասին, հայապահպանման մարզէն ներս եւ այդ առթիւ իր գնահատանքի խօսքն ուղղեց բոլոր անոնց, որոնք իրենց նիւթական ընձեռումներով կանգուն կը պահեն մեր վարժարանները։ Ազգ. կեդր. վարչութեան ժամանակշրջանը վերջացած ըլլալով ժողովը զբաղեցաւ նոր ընտրութիւններու հարցով։