Մոսկուայէն ստացուած հեռագիրներ կը հա ղորդեն թէ՝ Մայիս մէկի տօնակատարութեան առթիւ, տեղի ունեցած է զինեալ ուժերու, բանուորներու եւ դպրոցականներու սովորական տողանցքը, որուն Լենինի յուշադամբանին առջեւէն հետեւած են վարչապետ  Խրուշչէվ եւ կուսակցութեան բարձրաստիճան ղեկավարները, արժանանալով խանդավառ ծափերու։

Պաշտպանութեան նախարար մարաջախտ Մալինոսվկի ճառ մը խօսելով ըսած է թէ՝ Միացեալ Նահանգներու յարձակողական քաղաքականութիւնը կը պարտադրէ որ Սովիէթ Միութիւնը թափ տայ իր պատերազմական նախապատրաստութեանց։ Ան շեշտած է թէ  սովիէթ բանակը պատրաստ է ջախջախելու որեւէ ներխուժող,  որ պիտի համարձակի յարձակիլ Սովիէթ Միութեան կամ ուրիշ ընկերվարական որեւէ երկրի դէմ։ Տողանցքի ընթացքին ցուցադրուած են թեթեւ ռուքէթներ, արծաթափայլ հրթիռներ եւ ծանր հրթիռներ։ Նմանապէս ցուցադրուած են հեռավար հրթիռներ։ Մոսկուայի ձայնասփիւռի խօսնակը շեշտած է թէ Սովիէթ Միութիւնը ունի այնպիսի հրթիռներ՝ որոնցմով կրնայ չափազանց ճշգրտօրէն ռմբակոծել աշխարհի որեւէ մէկ կողմը։ Փեքինէն կը հաղորդեն թէ՝ Մայիս մէկի առթիւ հոն եւս տեղի ունեցած է մասնաւոր տօնակատարութիւն, որուն մասնակցած են երեք միլիոն քաղաքացիներ։ Փեքինի կեդրոնական հրապարակը զարդարուած է ազգային դրօշակներով ինչպէս նաեւ Մարքսի, Լենինի, Սթալինի եւ Մաօ Ցէ Թունկի հսկայ նկարներով։ Պելկրատի մէջ, նախագահ Թիթօ հետեւած է զինուորական տողանցքին։ Վարշաւիոյ մէջ, պրն. Կոմուլքա ճառ խօսած է ձիւնի եւ ցուրտի մէջ դողացող բանուորներուն։ Արեւելեան Պերլինի մէջ եւս տեղի ունեցած է տողանցք, որու ընթացքին ցուցադրուած են հակասաւառնակային հրթիռներ։

Անգարայի մէջ շինութեանց հազարաւոր գործազուրկ բանուորներ, ցոյց կազմակերպելով տողանցեցին թրքական մայրաքաղաքի գլխաւոր փողոցներէն։