50 Շիքակոյէն կը հաղորդեն թէ՝ Ապրիլի մէջ խանդավառ մթնոլորտի մէջ, Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան շարքերուն միացած են 17 երիտասարդներ, մասնաւոր հանդիսութեան մը ընթացքին։ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան Շիքակոյի վարչութիւնը, անկախաբար բարոյական այս յաջողութենէն, ապահոված է նիւթական կարեւոր գումար մը։
Աւստրալիոյ Մելպըրն քաղաքին մէջ հաստատուած փոքրաթիւ հայ գաղութը տարիներու իր երազը իրագործած է, գնելով եկեղեցի մը իր յարակից յարմարութիւններով։ Ապրիլ 15-ին, Ծաղկազարդի Կիրակին, տեղի ունեցած է եկեղեցւոյ օծման հանդէսը։ Օծման սրբազան արարողութիւնը կատարած է Թեմին կաթողիկոսական պատուիրակ գերշ. Տ. Ասողիկ եպս. Ղազարեան, առընթերակայութեամբ արժ. Տ. Արամայիս քհն. Միրզայեանի։ Այս եկեղեցիով՝ վերջին 4-5 տարուան ընթացքին, Աւստրալիոյ հայութիւնը տիրացած կþըլլայ երկու եկեղեցիներու։
Ալպանիոյ հայ գաղութը շուրջ 150 հոգիէ բաղկացած՝ ցրուած է երկրին բոլոր կարեւոր քաղաքներուն մէջ։ Ալպանիոյ հայ գաղութը սկիզբ առած է 19-րդ դարուն, երբ Թուրքիոյ օրուան Սուլթանները պետական պաշտօններով հայեր կը ղրկէին Ալպաիոյ զանազան շրջանները։ Մաս մը հայեր ղրկուած են մատակարարելու սուլթանական կալուածները, ագարակներն ու պարտէզները։ Ալպանիոյ արքայական ընտանիքին բժիշկներէն էր տոքթ. Մոգի, բուն անունով Երմոգինէ Փոթուրլեան, որ իբրեւ բժիշկ Գոնիա-Էրէյլիի, շատերու կարգին խնամած է 1915-ին հոնկէ անցնող Գրիգոր Զոհրապը։ Տոքթ. Մոգին Թիրանա հաս- տատուած է 1922-ին եւ քանի մը տարի առաջ մեռած այնտեղ։ Ներկայիս, Հայեր կը գտնուին մայրաքաղաք Թիրանայի, Տիւրացոյի, Շկոտրայի, Վալոնայի եւ այլ քաղաքներու մէջ։ Բոլորն ալ բարեկեցիկ են եւ կը զբաղին բժշկութեամբ, ատամնաբուժութեամբ, առեւտուրով եւ արհեստներով։