Թուրքիոյ հպատակ ժողովուրդները, մասնաւորաբար 19-րդ դարուն, ահռելի տառապանքներու եւ ջարդերու ենթարկուած են: Անոնք ոչ կեանքի, ոչ գոյքի եւ ոչ պատուի ապահովութիւն ունէին:

Քրիստոնեայ հպատակը «կեաւուր», «Ֆըլայ» կամ «խընզըր» կը կոչուէր: Մահը, կոտորածը դամոկլեան սուրի պէս  կախուած էր ամէն պահ անոնց գլխին: 1822 թուականէն մինչեւ 1922՝ մէկ դարու ընթացքին, Թուրքիան կազմակերպած է հետեւեալ ջարդերը իրեն հպատակ ժողովուրդներուն նկատմամբ:

1822 թուին, Քիոս կղզիին մէջ 50,000 յոյներ:
1823-ին՝ Մեսոլոնկի, 8,750 յոյներ:
1826-ին՝ Պոլսոյ  ենիչերիներ 25 հազար:
1850-ին՝ Մուսուլի ասորիներ, 10 հազար:
1860-ին՝ Լիբանանի մարոնիներ, 12,000:
1870-ին՝ պուլկարացիներ, 14,700:
1877-ին՝ Պայազիտի հայերը, 1,400:
1879-ին՝ Ալաշկերտի հայերը, 1,250:
1891-ին՝ Աղեքսանդրիոյ քրիստոնեաները, 2,000:
1892-ին՝ Մուսուլի ենիչէրիները, 3,500:
1894-ին՝ Սասնոյ հայերը, 12,000:
1895-96-ին՝ Արեւմտեան Հայաստանի հայերուն զանգուածային կոտորածը, 300,000:
1896-ին՝ Պոլսոյ հայերը, 9,750:
1896-ին՝ Վան-Վասպուրականի հայերը, 8,000:
1903-4-ին՝ մակեդոնացիները, 14,667:
1904ին՝ Սասնոյ հայերը, 5,640:
1909-ին՝ Ատանայի հայերը, 30,000:
1915-ին՝ Ապրիլեան Եղեռնը, 1,500,000 հայերու ջարդը:
1918-20-ին՝ Կարսի եւ Արտահանի հայերը՝ 30,000:
1922-ին՝ Զմիւռնիոյ ջարդը հայերու, յոյներու եւ հրեաներու 200,000:

Ինչպէս յայտնի է,այս արիւնոտ ցանկի մէջ հայերու ջարդ տեղի ունեցած է 1877-էն իսկ, Պայազիտի եւ 1879-ին՝ Ալաշկերտի մէջ: Արդ, անգրագէտներն անգամ գիտեն, որ այդ թուականին հայ կեանքին մէջ գոյութիւն չունէին յեղափոխական կուսակցութիւններ, սակայն գոյութիւն ունէր Թուրքիոյ ջարդարարութիւնը: Ուրեմն՝ յեղափոխութիւնը չէր պատճառը հայկական ջարդերու, այլ՝ պարբերական ջարդերը պատճառ դարձան յեղափոխական ընդվզումներու: