Ֆրանսացի մեծանուն գրող Վիքթոր Հիւկօ ծանօթ էր եւ հետաքրքրական նամակագրութեան մէջ կը գտնուէր հայ մտաւորականութեան ներկայացուցիչներէն շատերու հետ։

Վիքթոր Հիւկոյի գործերուն թարգմանութեան կապակցութեամբ հայ գրականագէտներէ շատեր նամակագրութիւն ունէին սիրուած գրողին հետ։  Բացի այս պարագայէն Վ. Հիւկօ անձնական բարեկամական կապեր կը պահէր հայ մտաւորականութեան ներկայացուցիչներէն ոմանց հետ, որոնց շնորհիւ ան ծանօթացաւ հայ ժողովուրդի կեանքին ու պատմութեան։ Առանձնապէս մեծ նշանակութիւն ունեցաւ Վ. Հիւկոյի երկարամեայ բարեկամութիւնը Լուսինեան ընտանիքին հետ։ «Թշուառներ»ու հեղինակը իր կեանքի վերջին ութ տարիներու ընթացքին դրացի ու մտերիմ բարեկամ էր Գուիտոն Լուսինեանի։ Վ. Հիւկոյի եւ Լուսինեանի բարեկամութեան մասին Յովհաննէս Թիւյսիւզեան կը գրէր 1881 թուականին. «այս բարեկամութեան շնորհիւ անմահ բանաստեղծը շատ բան իմացաւ մեր ժողովուրդին մասին ու անոր նկատմամբ լեցուեցաւ մեր համակրանքով»։ Վ. Հիւկօ նամակագրական սերտ կապեր պահած է ժամանակակից ականաւոր հայ մտաւորականներու հետ։ Տուեալներ գոյութիւն ունին ենթադրելու որ Վ. Հիւկօ նամակագրութիւն ունեցած է նաեւ Խրիմեան Հայրիկի հետ։ Վ. Հիւկոյի եւ հայ մտաւորականներու միջեւ կատարուած նամակագրութիւնները կը վկայեն այն հետաքրքրութեան ու համակրանքի մասին, որ ունեցած է հայ ժողովուրդի հանդէպ։ Այս փոխ ըմբռնումը պատահակնօրէն առաջ չէ եկած։ Հայ մտաւորականութիւնը կը սիրէր Հիւկոն, որպէս գեղարուեստական խօսքի մեծ վարպետ, բռնապետութեան թշնամի, ժողովըրդական իրաւունքներու պաշտպան։ Իսկ Հիւկոն անկեղծօրէն կը համակրէր հայ ժողովուրդին, անոր տաղանդին ու կենսունակութեան, անոր հնագոյն ու փառաւոր անցեալին, անոր ազատասէր ու հերոսական ոգիին համար։