Երեւանի թերթերը պարբերաբար կը գրեն գոյութիւն ունեցող սեւ շուկայի մասին՝ ծխիկներէն մինչեւ շարժանկարի տոմսերը եւ ինքնաշարժերը։

«Երեւան» թերթի, «Մոսկուա»  շարժանկարի սրահին տնօրէնը եւ քարտուղարը, բաց նամակով մը կը դժգոհին, որ շարժանկարի սրահներուն մօտակայ փողոցներուն մէջ տոմսերու սեւ շուկայ մը կը բանի, երբ անդին դռնակներուն (կիշէ) մէջ, շատ դժուարութեամբ ձեռք կարելի է ձգել տոմսեր, մանաւանդ որոշ ժամերու։ Ուրիշ մը՝ Ռ. Բուղդասարեան, կը խօսի ինքնաշարժի սեւ շուկայի մասին։ Շահամոլութենէ մղուած այդպիսի սեւ առուծախ կատարողները պատժելու համար, խիստ նոր օրէնքներ կþուսումնասիրուին։

Մարտ 30-ին Հայաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիայի մեծ սրահին մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի բնութեան պահպանութեան ընկերութեան Բ. համագումարը։ Փրոֆ. Խ. Միրիմանեան պարզած է ընկերութեան նպատակը եւ խօսած գործունէութեան մասին։ Ընկերութիւնը ունի 75.000 անդամ եւ 41 քաղտքային եւ շրջանային մասնաիւղեր։ Ընկերութեան նպատակն է պահպանել Հայաստանի բնական հարստութիւնները, այս խօսքով բնութիւնը։

Մեսրոպ Մաշտոցի ծննդեան 1600ամեակին առթիւ յոբելենական երեկոյթներ կը կազմակերպուին, զանազան յօդուածներ եւ քերթուածներ լոյս կը տեսնեն Հայաստանի մէջ։ Ապրիլ 10-ին, Հայֆիլհարմոնիայի դահլիճին մէջ ուսանողներ ոգեկոչած են հայ դպրութեան նահապետին յիշատակը։ Այս առթիւ խօսած են համալսարանի դասախօսներ, իսկ բանաստեղծներ Շիրազ, Կապուտիկեան, Էմին, Սեւակ կարդացած են հանճարեղ մարդուն եւ իր գիւտին նուիրուած կտորներ։ Մեծ սպառում գտած են նոյնպէս Մեսրոպ Մաշտոցին նուիրուած գիրքերը՝ Մովսէս Խորենացիի «Հայոց Պատմութիւնը» Ստ. Մալխասեանի «Մատենագիտական դիտողութիւնները» եւ ուրիշ գիրքեր։