«Լուսնին երգը» խորագիրով եւ «Մեղու» ստորագրութեամբ յօդուածը, զոր «Յառաջ» հրատարակեց իր Սեպտեմբեր 21-ի թիւին մէջ, կը յիշեցնէ միջադէպ  մը, որուն արձագանգ եղաւ, վեց տարի առաջ, փարիզեան «Ֆիկարօ Լիթերեր» շաբաթաթերթը:

Լիբանանի մեր պաշտօնակից «Ազդակ»ի մէջ, ստորագրուած՝ Յ. Մարգարեանի գրութիւնը կը կարդանք.- Այսօր, մայր հայրենիքէն ետք, Մերձաւոր Արեւելքի հայութիւնը մեր ազգային իմացականութեան կարեւորագոյն հատուածը կը հանդիսանայ:

«Սովետական Հայաստանի»-ի մէջ ներկայացուած ցուցակ մը կը հաստատէ անասնապահական արտադրութեանց մթերումներուն քանակը եւ տոկոսը երկրագործական 11 շրջաններու մէջ:

Հայաստանի մէջ հազարամեակներ առաջ մարդիկ օգտագործած են երկաթահանքերը՝ գութանի խոփ, սուր եւ այլ իրեր շինելու համար:

Սան Ֆրանսիսքոյէն կը տեղեկացնեն, որ հռչակաւոր Ֆրանց Վերֆելի «Մուսա լերան 40 օրերը» գործը այս ամառ Յունաստանի մէջ ժապաւէնի պիտի առնուի: