Ամէն տեղ գիտնականները անձնատուր եղած են աննախընթաց մրցակցութեան մը, այնպէս որ, չափազանցութիւն պիտի չըլլայ ըսել, թէ արդէն ապագային մէջ կ՛ապրինք մասամբ մը:

Ֆրանսայի մէջ վերջերս հիմնուած է Ծիծաղի եւ կենդանի սրամտութեան (հիւմոր) ակադեմիա մը, որուն նպատակն է մարդոց սորվեցնել լիահագագ խնդալ՝ առօրեայ կեանքի հոգերն ու տաղտուկները մոռնալու համար:

Պոլսոյ թրքական թերթերը (11-12 Սեպտեմբերին) դարձեալ կ՛արծարծեն հայոց պատրիարքին եւ պոլսահայ պատուիրակութեան Էջմիածին երթալու լուրը եւ կու տան զանազան մանրամասնութիւններ եւ սխալ մեկնաբանութիւններ:

Սրտի վիրաբուժութեան ասպարէզին մէջ արձանագրուած յաջողութիւններուն շնորհիւ կարելի եղած է մշակել սիրտին բնածին եւ ստացական արատները բուժելու նոր ձեւեր։

Ֆրանսահայ Կապոյտ Խաչը, տարիներ շարունակ, մանուկներու օդափոխութեան կայան մը ունենալու գաղափարին կառչած, պրպըտումներ կատարած էր մինչեւ որ ի վերջոյ կրցաւ հաստատուիլ Պելֆոնթէն։