Ֆրեզնոյի մեր պաշտօնակից «Ասպարէզ» հաւաստի աղբիւրներէ կը տեղեկանայ, որ Լոս Անճելըսի ծանօթ ազգայիններէն Խոսրով Մեղրիկեան, ընդառաջելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ վեհափառ հայրապետ Զարեհ Ա. կաթողիկոսի կոչին՝
հինգ հազար տոլարի միանուագ գումար մը յանձնած է Սմբատ վրդ. Լափաճեանին՝ ուղարկելու համար Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանին: Սոյն գումարը պիտի յատկացուի Անթիլիասի մայր տաճարի գմբէթին լրիւ նորոգութեան՝ համաձայն կանխօրօք ներկայացուած մասնագէտ ճարտարապետի մը նախագծին:
Պոսթընի մեր պաշտօնակից «Հայրենիք»-ի մէջ (30 Սեպտեմբեր) կը կարդանք.- Կը տեղեկանանք, որ Շաւարշ Նարդունի, որ քանի մը օրէ ի վեր Պոսթըն եկած էր, անցեալ Երկուշաբթիէն ի վեր հիւանդանոց մտած է, «Նիւ Ինկլընտ Պեպթիստ հասփիթըլ», թեթեւ գործողութեան մը համար: Ուրախութեամբ կը հաղորդուի, թէ գործողութիւնը կատարուած է Ուրբաթ, կէսօրէ ետք, 28 Սեպտեմբերին, յաջողութեամբ:
Ամերիկայի Միշիկըն սթէյթ համալսարանին
մէջ անցած Օգոստոս 27-ին սկսած է արաբ ուսանողներու 11-րդ համագումարը, որ տեւած է մինչեւ 1 Սեպտեմբեր: Մօտ 500 արաբ ուսանողներ ներկայ գտնուած են համագումարին: Երկու հայ ուսանողներ, մէկը Սուրիայէն եւ միւսը՝ Յորդանանէն, մասնակցած են ժողովին:
Երեւանի թերթերը պաշտօնապէս կը հաղորդեն, թէ Հայաստանի Գերագոյն խորհուրդի նախագահութիւնը Սեպտեմբեր 8-ի հրամանագրով կը լուծէ Հայաստանի ներքին գործոց նախարարութիւնը եւ անոր փոխարէն կը հաստատէ հասարակական կարգի պաշտպանութեան նախարարութիւն մը: Նոր նախարար նշանակուած է Սերգէյ Արզումանեան:
Յաջորդաբար Հայաստան այցելած եւ նուագահանդէսներ տուած են՝ ամերիկահայ ծանօթ դաշնակահարուհի Լուսի Իշխանեան, թաւջութակահար Լեզլի Փառնաս եւ ջութակահար Պայրըն Ճանիս: