Մօտ տասը օր Աթէնք մնալէ վերջ դէպի Գանատա մեկնեցաւ  Քրիստափորի գործակիցներէն եւ մեր մեծ ընկերներէն՝ անկախ Հայաստանի վարչապետ հանգուցեալ Համօ Օհանջանեանի կեանքի ընկերը՝ տիկին Ռուբինա, իր զաւկին ընկեր Վիգէնի եւ հարսին ու իր քրոջը հետ։

Տիկին Ռուբինա, տիկին Նաթալիա Գ. Լազեան, ինչպէս նաեւ ընկեր Վիգէն եւ տիկինը, խումբ մը ընկերներու հետ այցելեցին Ֆիքսի նորակառոյց Յակոբեան վարժարանը։ Ապա՝ ներկայ գտնուեցան Հ. Կ. Խաչի Ֆիքսի մասնաճիւղի կազմակերպած պաղպաղակասեղանին։ Բացումը կատարեց Հ. Կ. Խաչի վարչութեան անդամուհիներէն ընկ. Անթառամ Յարութիւնեան, որ ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացնելով Հ. Կ. Խաչի կրթական եւ բարեսիրական գործը, յոյս յայտնեց թէ՝ ինչպէս միշտ, այսուհետեւ ալ, մեր ժողովուրդը զօրավիգ պիտի կանգնի Հ. Կ. Խաչին եւ իր ներկայութեամբ պիտի քաջալերէ իր ձեռնարկները։ Ապա խօսք առին ընկերներ Օննիկ Զաքարեան եւ Դանիէլ Դանիէլեան քանի մը խօսքով ներկայացնելով վաստակաւոր յեղափոխականուհին, երիտասարդութեան թելադրեցին հետեւիլ անոր օրինակին։ Տիկին Ռուբինա ներկաներու փափաքին վրայ, խօսք առնելով շնորհակալութիւն յայտնեց եւ թելադրեց ամուր փարիլ մեր ազգային սրբութիւններուն, եւ պահել մեր ազգային գոյութիւնը։ Արտասանեցին՝ ընկ. Վահրամ Դանիէլեան Ա. Ահարոնեանի «Կոյր Աշուղ»ը եւ ընկ. Յովսէփ Ղեւոնդեան՝ հայր Վ. Յովհաննէսեանի «Բերէք ինչ զայն» քերթուածները։ «Արշալոյս-Ջամալեան» խումբի պարախումբը  պարեց հայկական երկու պար։ Կիրակի օր, ընկ. Ռուբինա, ընկերուհի Լազեանի հետ, Աթէնքի եկեղեցիին մէջ ներկայ գտնուեցաւ հիւրաբար Աթէնք գտնուող Թեհրանի հայոց առաջնորդ գերշ. Տ. Արտակ արք. Մանուկեանի մատուցած ս. պատարագին եւ  ապա, եկեղեցական արարողութեանց աւարտումէն ետք, առաջնորդարանին մէջ տեսակցեցաւ թեմակալ առաջնորդ գերշ. Տ. Սահակ եպս. Այվազեանի, գերշ. Տ. Արտակ արքեպիսկոպոսի եւ բազմաթիւ ընկերներու եւ ընկերուհիներու հետ։