Սան Ֆրանսիսքոյէն կը տեղեկացնեն, որ հռչակաւոր Ֆրանց Վերֆելի «Մուսա լերան 40 օրերը» գործը այս ամառ Յունաստանի մէջ ժապաւէնի պիտի առնուի:

Լուրը հաղորդած է «Սան Ֆրանսիսքօ Քրոնիքըլ» թերթը, ըստ որուն՝ ժապաւէնին գլխաւոր դերակատարուհին պիտի ըլլայ Հենրի Ֆոնտային աղջիկը՝ Ճէյն Ֆոնտա: Ասկից մօտ տարի ու կէս առաջ անգամ մը խօսուած էր «Մուսա Լերան 40 օրերու» շարժանկարի վերածուելու մասին: Այդ լուրը հաղորդուած էր «Նիւ Եորք Թայզմ»-ին կողմէ: Հոն կ՛ըսուէր, որ վէպը թատերգութեան պիտի վերածէ հռչակաւոր թատերագիր-արտադրիչ Քարլ Ֆորմեն, «Նաւորոնի թնդանօթները» պատերազմական շատ հետաքրքրական ժապաւէնին հեղինակը: 25 տարի առաջ Հոլիվուտի ընկերութիւնները աճապարեցին այս գործը շարժանկարի վերածելու համար, սակայն թուրքերը արգելք հանդիսացան անոր՝ ամերիկեան կառավարութեան միջամտութիւններով: Սակայն այս անգամ անկախ ընկերութիւն մըն է այս ժապաւէնը, արտադրողը եւ յարմար վայրի մը՝ Յունաստանի մէջ, ուր ասկէ երկու տարի առաջ պատրաստուած էր ուրիշ հակաթուրք ժապաւէն մը՝ Նիքոս Քազանծաքիսի «Քրիստոս վերախաչուած» գործը, ֆրանսական ընկերութեան մը կողմէ:

Լեւոն Քէշիշեան կը գրէ Նիւ Եորքէն.- Երկար բացակայութենէ մը ետք, Ուիլիըմ Սարոյեան կրկին կու գայ Պրոտուէյ: Իր նոր թատերգութիւնը կը կոչուի «Աղջիկները»: Հայազգի գրագէտը ինք պիտի ղեկավարէ իր այս նոր թատերգութեան բեմադրութիւնը: Ֆիլիփ Հանսըն կը ներկայացնէ Ուիլըմ Սարոյեանի «Անունս Արամ է» գործը առանձին կը վերականգնէ այս հոյակապ գործը ու բոլոր անձերը, որ մուտք գտած են Սարոյեանի գրքին մէջ: Ներկայացումը տեղի պիտի ունենայ «Պրուքլին աքատեմի աֆ միւզիք» սրահին մէջ: Սարոյեան իր մասնակցութիւնը կը բերէ «Քանտիտ քամերա» հեռատեսիլի յայտագրին, 3-4 վայրկեան տեւող գործ մը պատրաստած է այս յայտագրին համար: