«Լուսնին երգը» խորագիրով եւ «Մեղու» ստորագրութեամբ յօդուածը, զոր «Յառաջ» հրատարակեց իր Սեպտեմբեր 21-ի թիւին մէջ, կը յիշեցնէ միջադէպ մը, որուն արձագանգ եղաւ, վեց տարի առաջ, փարիզեան «Ֆիկարօ Լիթերեր» շաբաթաթերթը:
Ըստ պատմուածքին, օրին մէկը Խ. Հայաստանէն դիւանագիտական առաքելութիւն մը Անգարա կ՛այցելէ: Ըստ միջազգային ընկալեալ սովորութեան, այդ պատուիրակութեան իջեւանած պանդոկին ճակատը կը պարզուի Խորհըրդային Հայաստանի դրօշակը, դրօշակ մը՝ որու վրայ մուրճին եւ մանգաղին քով, ներկա- յացուած է Արարատը: Իսկոյն Անգարա թթու բողոքագիր մը կ՛արձակէ դէպի Մոսկուա, «Կը զարմանանք,- կ՛ըսէ բողոքագիրը,- որ Արարատը պատկերացուած է խորհրդային դրօշակի մը վրայ: Արարատը թրքական լեռ մըն է՝ ազգային դիւրազգացութեան տեղիք մը: Մի՞թէ աչք ունիք անոր վրայ…»: Մոսկուա յայտնօրէն խաղաղասիրութեան ախոյեան է…: Եւ իր «հանդարտեցուցիչ» պատասխանը չուշացաւ… «Ինչո՞ւ կը վրդովիք,- դիտել կու տայ Մոսկուա: Ինչո՞ւ մեզի կը վերագրէք մութ նպատակներ: Խնդիրը պարզ է… Արարատը Հայաստանէն կը տեսնուի: Տեսարանը հիանալի է եւ արժանի՝ դրօշակ մը զարդարելու: Եթէ մենք ալ ձեզի պէս կասկածամտութեամբ տրամաբանէինք, մտահոգութեան առիթ պիտի ունենայինք՝ մահիկ մը տեսնելով թրքական դրօշակին վրայ…», եւ ձեւական միամտութեամբ կ՛աւելցնէր՝ «Սակայն երբեք խորհրդային ժողովուրդը չէ ենթադրած, թէ հողային յաւակնութիւններ կը սնուցանէք լուսնին վրայ»: Վեց տարի առաջ Քրեմլինի պատասխանը հեգնանք էր: Բայց այսօր, շնորհիւ լուսագնաց խորհըրդային հրթիռի մը, մուրճն ու մանգաղը դրոշմուեցան լուսնին վրայ եւ երկու խօսակիցներուն միջեւ տուր եւ առ մը կրնայ նկատի առնուիլ: Թող լուսինը յանձնուի մահիկապաշտին, իրեն յարմար անապատ մըն է եւ տասը դար վերջը նոյն անապատը կը մնայ: Անոր փոխարէն՝ Արարատը թող իր իսկական տիրոջը վերադարձուի: Եւ տասը տարիէն՝ այժմ ամայութեան եւ անապատութեան մատնուած Արարատեան դաշտը, կրկին կը դառնայ երկիր դրախտավայր…: