Գավալայի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ անուան տօնակատարութեան օրը, Հիւսիսային Յունաստանի հայութեան համար, ազգային մեծ հաւաքոյթի օր մը դարձաւ այլեւս։

Քանի մը շաբաթէ ի վեր Միջին Արեւելք կը գտնուին Պուէնոս Այրէսի ծանօթ ազգայիններէն քոյր եւ եղբայր Սիրանուշ եւ Պօղոս Արզումանեանները, որոնք իրենց բարերարութիւններով Արժանթինի հայութեան խոր յարգանքին ու համակրանքին արժանացած են:

Հայ օգնութեան միութեան Երուսաղէմի մասնաճիւղին հիմնադրութեան 30-ամեակը   տօնուեցաւ 8 Սեպտեմբեր 1962-ին, բարձր հովանաւորութեամբ Եղիշէ պատրիարք Տէրտէրեանի:

Հակառակ տարիներէ ի վեր ձեռք առնուած կտրուկ որոշումներուն եւ միջոցներուն, շինարարութեան գործը դանդաղ կ՛ընթանայ Հայաստանի մէջ:

Օգոստոսի սկիզբը, Երեւանի մէջ բացուեցաւ Միջազգային աստղագիտական միութեան գործադիր կոմիտէին լիագումար նիստը: