Լիբանանի մեր պաշտօնակից «Ազդակ»ի մէջ, ստորագրուած՝ Յ. Մարգարեանի գրութիւնը կը կարդանք.- Այսօր, մայր հայրենիքէն ետք, Մերձաւոր Արեւելքի հայութիւնը մեր ազգային իմացականութեան կարեւորագոյն հատուածը կը հանդիսանայ:

Հայկական արհաւիրքէն ետք, հայ մտքի երկու տիտաններու՝ Շանթի եւ Աղբալեանի գերմարդկային ջանքերով այնտեղ հիմը դրուեցաւ ազգային մշակութային նոր կեանքի մը (Համազգային), որ յարատեւօրէն սկսաւ ծաղկիլ: Այնտեղ հաստատուած մեր զանազան կրթական հիմնարկութիւնները, հակառակ անտեղի հակամարտութիւններու, յաջողած կը թուին ազգային հունով ընթանալ՝ վերագտնելու համար մեր իմացական ուղին: Մերձաւոր Արեւելքի մեր հայ զանգուածը ունի զանազան գոյնի եւ տեսակի կարգ մը հրատարակութիւններ, որոնք, անտարակոյս,  ճամբայ ելած են մեր մշակոյթին սատարելու, սակայն կը պակսէր հրատարակութիւն մը, որ վեր մնար հասարակական նախասիրութիւններէն եւ ճշդուած միտումներէն եւ առանց մոլուցքի՝ բարձր բռնէր հայ մտածողութեան լուսարձակը: «Բագին» ամսագրի լոյս տեսած ութը թիւերը բացայայտ կերպով կը հաստատեն,  որ ան հաստատ քայլերով կը հետեւի մատնանշուած ուղիին եւ անոր շուրջ բոլորուած վաստակաւոր մտաւորականները նուիրումով ու հաւատքով հայ բագինին կը բուռվառեն հայ մտքի անուշաբոյր խունկը: Հայ գրականութեան ոգիով արբեցած Բագինի խմբագիրները կարճ ժամանակի մէջ, արդէն յաջողած են ամսագրի շուրջ խմբել արտահայաստանի մեր արդի լաւագոյն գրողները եւ սիրով ճամբայ բանալ նոր ուժերու, որոնցմէ մէկ քանին (Անայիս Հերեան եւ ուրիշներ) արդէն ընդունելի կարողութիւնով կը յայտնուին մեզի: «Բագին»-ի մէջ լոյս տեսած ծաւալուն քերթուածները (Համաստեղ, Պոյեաճեան, Օշական) մտային յղացքի եւ խոր ըմբռնումի անառարկելի արտայայտութիւններ են, որոնք ազգային եւ մարդկային իղձերու եւ ձգտումներու յորդ ապրումները կը բնորոշեն: