«Սովետական Հայաստանի»-ի մէջ ներկայացուած ցուցակ մը կը հաստատէ անասնապահական արտադրութեանց մթերումներուն քանակը եւ տոկոսը երկրագործական 11 շրջաններու մէջ:

Միսի մթերումներուն տոկոսը մինչեւ Սեպտեմբեր 10 եղած է 54, կաթինը՝ 86.3, հաւկիթինը՝ 84.8, իսկ բուրդինը՝ 69.2: Ուրիշ վիճակագրութիւն մը ցոյց կու տայ 9 շրջաններու մէջ կատարուած ծխախոտի բերքահաւաքին արդիւնքը: Ծրագրով նախատեսուած 117.607 հազար թելամեթրին տեղ հաւաքուած է 60.476 հազար թելամեթր, այլ խօսքով՝ 51.4 տոկոսը միայն:

Վերջերս Թիֆլիսի մէջ գումարուեցաւ խաղողագործութեան եւ գինեգործութեան միջազգային 10-րդ համագումարը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Հայաստան: Համագումարին առթիւ հրատարակուած յօդուած մը կը խօսի հայ մասնագէտներու ձեռք ձգած յաջողութիւններուն մասին: Այսպէս, հայ մասնագէտները յաջողած են աճեցնել խաղողի 31 բարձրորակ տեսակներ, ստեղծել պարարտացումի նոր եւ աւելի գործնական ձեւեր, պատրաստել գինիի նոր տեսակներ եւ այլն:

«Նայիրի» ժամացոյցները դժգոհութիւն յառաջ բերած են գնորդներուն մօտ: Արդարեւ, վերջին երկու ամսուան ընթացքին ութսունէ աւելի բողոքագիրները ղրկուած են գործարանի տնօրէնութեան՝ «արտադրութեան խոտանին» համար: «Ձեր արտադրած «Նայիրի» ժամացոյցին թուատախտակը կարճ ժամանակէ մը ետք փճացաւ: Ապակին եւ սլաքները անընդհատ դուրս կը թռին, իսկ պատեանն ալ արդէն կորսնցուցած է իր նախկին տեսքը»: Անցեալ տարուան ընթացքին գործարանը 14.900 ռուբլի տուգանք վճարած է:

Խորհրդային Միութիւնը մեծ հակադրութեանց երկիրն է: Մինչ յաջողեցաւ ժամանակակից գիտութեան եւ արհեստագիտութեան լուրջ խընդիրներ լուծել, անյաղթահարելի դժուարութեանց կը հանդիպի անհատական խնդիրներու լուծման մէջ, յատկապէս՝ բնակարանի եւ յարաբերութեանց: