Կիրակի օր, Նոյեմբեր 22-ին, Աթէնքի Օլիմփիկ Փալաս պանդոկի շքեղ սրահին մէջ, թէյասեղանով մը տօնուեցաւ Դաշնակցութեան «Օր»ը, համակիր ազգայիններու, ընկեր-ընկերուհիներու եւ Գարէայի Հ. Յ. Դ. Երիտասարդացի «Խաժակ» խումբի անդամներու ներկայութեան։

Ֆիքսի Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան վարժարանի «Հայաստան» սրահին մէջ, Նոյեմբեր 22-ին, խանդավառ մթնոլորտի մէջ, աննախընթաց յաջողութեամբ տօնուեցաւ Հ. Յ. Դաշնակցութեան 74-րդ տարեդարձը։

Զաւարեան վարժարանի սրահին մէջ, Նոյեմբեր 22-ին, խանդավառօրէն տօնուեցաւ հայ ժողովուրդի ազատագրութեան դարբինին՝ Հ. Յ. Դաշնակցութեան 74-րդ տարեդարձը, հաւաքոյթ-խնճոյքով մը, որուն ներկայ եղան Գոքինիոյ եւ շրջաններու ընտրանին, Դաշնակցութեան կեանքով ու գործով հետաքրքրուող ազգայիններու աչքառու թիւ մը՝ եւ հաւատաւոր երիտասարդներու երկսեռ բազմութիւն մը։

Երեւանի մէջ տեղի ունեցած է Խորհրդային Միութեան բնախօսներու 15-րդ համագումարը։ Հայ բնախօսները, որոնցմէ մէկ քանին միջազգային համբաւ կը վայելեն, զանազան հարցերու շուրջ զեկուցումներ ըրած են։  

Երեւանի Գիտութիւններու Ակադեմիայի դահլիճին մէջ տեղի ունեցած է Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 95-րդ տարեդարձին նուիրուած երեկոյթ մը, ուր Կոմիտասի կեանքին եւ ստեղծագործութեան մասին խօսած է Ց. Բրուտեան։