Ֆիքսի Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան վարժարանի «Հայաստան» սրահին մէջ, Նոյեմբեր 22-ին, խանդավառ մթնոլորտի մէջ, աննախընթաց յաջողութեամբ տօնուեցաւ Հ. Յ. Դաշնակցութեան 74-րդ տարեդարձը։

Որոշեալ ժամէն առաջ, սրահը ծայրէ ծայր լեցուած էր ընկեր-ընկերուհիներով, խանդավառ երիտասարդներով ու Դաշնակցութեան համակիր երկսեռ հայրենակիցներով, որոնք նոյնիսկ հեռաւոր շրջաններէ փութացած էին «Հայաստան» սրահը, անգամ մը եւս, իրենց սէրն ու հիացումը յայտնելու՝ հայ ժողովուրդի ծոցէն ծնած ու հայութեան ծառայող հսկային՝ Հ. Յ. Դաշնակցութեան հանդէպ։ Դժբախտաբար, տեղի չգոյութեան պատճառով, մէկ քանի տասնեակ հայրենակիցներ ստիպուեցան ետ դառնալ։ Նախագախ ընկ. Վրէժ Գալայճեան, հակիրճ ու հայրենաշունչ խօսքերով օրուան բացումը կատարելէ ետք, գործադրութեան դրաւ կոկիկ յայտագիրը։ Յաջող եւ յուզիչ արտասանութիւններ կատարեցին՝ ընկ. Անթառամ Պօղոսեան՝ Մ. Իշխանի «Հայորդի»ն, ընկ. Մարգար Շարապխանեան՝ Դանիէլ Վարուժանի «Դիւցազնի մը Սուրին»ը եւ ընկ. Պետրոս Պարսամեան՝ Անտոն Կազէլի «Հայրենիք»ը։ Ընկ. Յովսէփ Ղեւոնդեան մեներգեց։ Հ.Յ.Դ. Երիտասարդաց Միութեան Կեդր. Վարչութեան կողմէ՝ օրուան նուիրուած ոգեշունչ ուղերձ մը կարդաց ընկ. Յարութիւն Մխիկեան։ Բոլորն ալ արժանացան երկարատեւ ու խանդավառ ծափերու։ Ընկ. Գրիգոր Դերձակեան, իր զուարճախօսութիւններով կուշտ ու կուռ խընդացուց ներկաները։ Հուսկ ուրեմն, խօսելու հրաւիրուեցաւ օրուան բանախօս՝ ընկ. Երուանդ Մանուկեան, որ ի միջի այլոց ըսաւ.- «Խօսելէ առաջ Դաշնակցութեան մասին, պէտք է հպանցիկ ակնարկ մը նետել հայոց պատմութեան էջերուն վրայ։ Ու պէտք է սկսիլ առաջին էջէն։ Մեր պատմութեան էջը կը բացուի ազատասէր Հայկի ըմբոստութեամբ՝ ընդդէմ բռնակալ Բէլին։ Հայկ, մեր պատմութեան առաջին էջը գրեց իր յաղթական նիզակով։ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնն ալ, Հայկի այդ ազատատենչ ոգիէն է որ ծնունդ առաւ։ Ան ծնաւ հայ ժողովուրդի ծոցէն, ծառայելու համար անոր սրբազան ու նուիրական գաղափարներուն»։ Յաջորդաբար, երիտասարդները սրահը թնթա- ցուցին խանդավառ յեղափոխական երգերով։