Հայ դատը օտար մամուլին միջազգային հասարակութեան ներկայացնելու ձեւերէն մէկն է թերեւս՝… թուրք նախարարի մը Մոսկուա այցելութեան պատեհութիւնը:

Այս մտածումը կը թելադրուի Լոնտոնի հռչակաւոր օրաթերթին՝ «Թայմզ»ի մէջ լոյս տեսած երկու յօդուածներէն եւ չորս նկարներէն, որոնք կը խօսին՝ «Հայաստանի վաղեմի թագաւորութեան մասին, արեւելեան Թուրքիոյ մէջ», այս օրերուն, երբ թուրք արտաքին գործոց նախարարը Մոսկուա կ՛այցելէ, ու թրքական մամուլը պարբերաբար ոչ բարեկամական խօսքեր կ՛ուղղէ Արեւմուտքի դիւանագիտութեան: Լոնտոնի «Թայմզ»ի Անգարայի թղթակիցը վերջերս այցելած է արեւելեան Թուրքիա՝ երթալով մինչեւ Անի, զոր կը յիշէ՝ իբրեւ «Բագրատունիներու գերդաստանին երբեմնի փայլուն մայրաքաղաքը», եւ նախապէս հանդիպելէ ետք Վան, «ուր մնացորդներ կան հայոց թագաւորութեան ճարտարապետական փառքերէն»: Նոյնինքն Վանի մասին կը յիշէ հայկական ասացուածքը. «Վանը այս աշխարհի մէջ, եւ դրախտը՝ անդենականի»: Քրիստոնեա՜յ  է Արեւմուտքը, եւ երբ կը խօսի հայ ժողովուրդի մասին, գնահատանքի առաջին շեշտը կը դրուի մեր քրիստոնէութեան եւ «առաջին քրիստոնեայ պետական ազգը» դարձած ըլլալու այնքան գովելի առաքինութեան վրայ: Ու «Թայմզ»ի թղթակիցը կը յայտարարէ. Պահ մը խօսինք հայերու մասին: Անոնք եղած են առաջին պետական ազգը, որ ընդունած է քրիստոնէութիւնը, հռոմէական կայսր Կոստանդինէն քսան տարի առաջ: Քիչ ազգեր, ոչ իսկ հրեաները, ունին այնքան սոսկալի պատմութիւն մը: Ջարդեր եւ ողջակիզումներ, որոնք ժամանակակից են մեզի, կը ներկայացնեն միայն վերջինները աղէտներու շղթայի մը, որուն ենթարկուած է այս բացառիկ ժողովուրդը:  Լոնտոնի «Թայմզ»ի աշխատակիցը հաւանաբար անդրադառնայ ա՛յս մասին դարձեալ, երբ… թուրք արտաքին գործոց նախարարը երկրորդ անգամ ըլլալով Մոսկուա այցելէ՝ Անիի հայկական փառահեղ աւերակներուն, եւ թրքական տատասկներուն վերեւ թռչելով, արեւմտեան քրիստոնեաներու շինած օդանաւի մը մէջ: