Վարպետ եւ տաղանդաւոր ջութակահարները եւ թաւջութահարները միշտ կ'աշխատին նուագել իտալացի հին վարպետներուն եւ յատկապէս Անթոնիօ Սթրատիվարիուսի պատրաստած նուագարանները։

Սթրատիվարիուսի մասին կարելի է ամենայն իրաւամբ ըսել, որ ան ջութակը հասցուց բարձրագոյն կատարելութեան, եւ անոր աշակերտներուն եւ հետեւորդներուն պատրաստած նուագարանները իրենց հնչեղութեամբ դարեր շարունակ նկատուած են իբր անգերազանցելի։ Այս ձեւի ջութակներու կամ թաւջութակներու վրայ նուագած են անուանի արուեստագէտներ։ 1947-էն, Հայաստանի նախարարներու խորհուրդի որոշումով պետական երաժշտանոցին կողքին ստեղծուած է նուագարաններու հաւաքածոյ մը։ Աւելի ետք, Հայաստանի կառավարութիւնը հաստատած է պետական հաւաքածոյին կանոնագրութիւնը եւ յատկացումներ ըրած հազուագիւտ նուագարաններ գնելու համար։ Շուտով Լենինկրատի, Մոսկուայի եւ ուրիշ քաղաքներու մէջ գտնուած եւ գնուած են իտալացի անուանի վարպետներ՝ Ճիովաննի Պաթիսթա Կուատանինիի Փիէթրօ եւ Անտրէա Կուարնիերիի, Ալեսանտրօ Կալիանոյի, Տոմենիկօ Մոնթանիանոյի, Ֆրանչեսկօ Ռուճիերիի եւ ուրիշներու պատրաստած ջութակները եւ թաւջութակները։ Այս նուագարանները նրբակերտ են իրենց ուրուագիծերով։ Ասոնք՝ իրենց փայտանիւթին բացառիկ հնչականութեամբ, ինչպէս նաեւ իրենց ձեռաշէն եւ գեղարուեստական ձեւաւորումով, կը հանդիսանան հազուագիւտ օրինակներ։ Ներկայիս Երեւանի հաւաքածոյին գրեթէ բոլոր նուագարաններէն կþօգտուին Կոմիտասի քառեակը ինչպէս նաեւ միջազգային համբաւի տէր վարպետ ջութակահարներ եւ թաւջութակահարներ։ Հայաստանի մէջ ալ կան վարպետներ, որոնք շատ գեղեցիկ ջութակներ կը պատրաստեն։

Ներկայիս, Հայաստանի մէջ կան շինաքարերու 200-է աւելի հանքեր, որոնց պաշարները կը հասնին քանի մը հարիւր միլիառ խորանարդ մէթրի։ Հայաստան այժմ ունի 120 տեսակ շինաքար։