Շաբաթ օր, ճափոնական մայրաքաղաքի հսկայ մարզադաշտին մէջ, Հիրոհիթօ կայսեր եւ կայսրուհիին ինչպէս նաեւ 80 հազար հանդիսականներու ներկայութեան տեղի ունեցաւ 18-րդ Ողիմպիական մրցումներու փակման յուզիչ արարողութիւնը։ Ողիմպիականին մասնակցող 94 երկիրներու մարզիկներու խումբերու մուտքէն եւ հելլէնական խումբի գլխաւորութեամբ տողանցքէն ետք, մարզադաշտին լուսարձակներու կէսը մարեցան եւ երեք կայմերու վրայ

Խորհրդային Միութեան Համայնավար երիտասարդներու միութիւնը վերջերս հրատարակած է պաշտօնական տեղեկագիր մը, ուր բիրտ անկեղծութեամբ կը ներկայացնէ խորհրդային երիտասարդ քաղաքացիներու սիրային կեանքը: Խորհրդային Միութեան մէջ ամուսնալուծուող այրերու հարիւրին քառասունը 30

Քարերու անձեռակերտ քանդակներու, երկաթաքարէ բնական սիւներու ինքնատիպ թանգարան մըն է Հրազդանի կիրճը:

- Հայաստանի խաղողագործութեան, գինեգործութեան եւ պտղաբուծութեան գիտահետազօտական հիմնարկութիւնը հայկական խաղողի եւ պտուղներու նոր, արժէքաւոր տեսակներ կը մշակէ եւ զանոնք երկրին մէջ կը տարածէ։ Իր գոյութեան ընթացքին, հիմնարկութեան ընտրութեան եւ զտումի բաժինը ստեղծած է

Պոլսոյ «Ճիւմհուրիէթ» թերթի մարզական բաժնին մէջ Ճեմ Աթապէյօղլու, խօսելով հին շրջաններու ողիմպիականներու մասին, կը գրէ ի միջի այլոց.-