Երեւանի Գիտութիւններու Ակադեմիայի դահլիճին մէջ տեղի ունեցած է Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 95-րդ տարեդարձին նուիրուած երեկոյթ մը, ուր Կոմիտասի կեանքին եւ ստեղծագործութեան մասին խօսած է Ց. Բրուտեան։

ՄԵծ երգահանին կարգ մը գործերը նուագած են Հայաստանի պետական նուագախումբը, Կոմիտասի լարային քառեակը եւ մենակատարներ։

Հոկտեմբերին սովորականէն աւելի տաք եղած է Հայաստանի մէջ։ Մեղրիի մէջ ջերմաստիճանը բարձրացած է 28-ի, Դիլիջանի եւ Արարատի մէջ՝ 27-ի, Կիրովականի մէջ՝ 25-ի, իսկ Երեւանի մէջ՝ 27-ի։ 1888-էն ի վեր առաջին անգամն է, որ այսքան տաք եղած է Հոկտեմբերի ընթացքին։

Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանը ստացած է ֆրանսահայ արձակագիր Զարեհ Որբունիի դիւանին մէկ մասը։ Միւս մասը՝ մօտ հինգ հարիւր նամակներ, կը գտնուին իր մօտ։ Խոստացած է անոնք եւս ուղարկել Երեւան։

Լոնտոնի Հայ Տան Մշակութային Յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ, Շէյքսփիրի 400ամեակի հանդիսութեանց համար կազմուած է յանձնախումբ մը, որ հետեւեալ ձեռնարկները կազմակերպած է անգլիացի մեծանուն թատերագրի ծննդեան 400ամեակին առթիւ։ Շէյքսփիրի 400ամեակի յանձնախումբը պատրաստած է յիշատակի համար պատկերազարդ յայտագիր մը։ Դեկտեմբերի ընթացքին ալ պիտի հրատարակէ յատուկ գրքոյկ մը, որուն մաս պիտի կազմէ գրագէտ Նարդունիի ճառը Շէյքսփիրի մասին։

Քեմանչիստ Ռուբէն Հոկտեմբերին, Վիեննայի Ափրիկեան եւ Ասիական Հիմնարկի սրահին մէջ յաջող նուագահանդէս մը տուած է հայ եւ օտար ունկնդրիներու ներկայութեան։ Նուագահանդէսը սկսելէ առաջ, պրն. Ղեւոնդ Պահատրեան մէկ քանի խօսքով ծանօթացուցած է քեմանչիստը՝ հայերէնով։ Ուսանող մըն ալ անոր խօսքերը թարգմանած է գերմաներէնի։