-Հայֆիլմի գործունէութիւնը վերջերս, խստօրէն քննադատուած է Երեւանի մէջ տեղի ունեցած հաշուետու¬ընտրական ժողովի մը ընթացքին։ Ժողովականները շեշտած են, թէ Հայաստանի մէջ պատրաստուած ժապաւէնները «միջին մակարդակ»էն իսկ վար աստիճանի մը վրայ կը գտնուին։ Անկախ այն իրողութենէն, թէ «Հայֆիլմ»ի արտադրած ժապաւէնները «գաղափարազուրկ» են եւ չեն արտայայտեր համայնավար

Փրոֆ. Կ. Ղաֆսդարեան Երեւանի միջնադարեան յուշարձաններու մասին տուած է խիստ շահեկան դասախօսութիւն մը, որուն հիմնական կէտերը կը ներկայացնենք ստորեւ.-

Առանց վերյուշի անցնելու: Առանց «յօդուած» ի վերածելու նիւթը: Երբ մեզի հետ պապենական հողերէն քշուեցանք, չափով մը մեզի հետ բերինք մեր թափուները: Այգիին, տունին, գիւղին, արտին մե՛րը ըլլալու պետական գիրը:

«Գրական Թերթ»-ի Նոյեմբեր 20-ի թիւին մէջ, գրադատ Ա. Քալանթարեան կը ներկայացնէ մանուկներու ընթերցանութեան սահմանուած գիրքերը եւ կու գայ այն եզրակացութեան, որ գրեթէ բոլոր գիրքերն ալ կը կրեն «չտեսնուած անփութութեան» մը հետքը:

Կիրակի առաւօտեան ժամը 9-ին, Նէաբոլիսի մարզադաշտին մէջ տեղի ունեցաւ ոտնագնդակի Գ-րդ դասկարգի ախոյենական մրցաշարքի 5-րդ հանդիպումը, Հ.Մ.Ը.Մ.ի եւ յունական Ա.Է. Գորիտալոս խումբերուն միջեւ։