- Հաւաստի աղբիւրներէ ստացուած տեղեկութեանց համաձայն, Ատրպէյճանի մէջ 18 հայեր սպաննուած եւ հայերու բազմաթիւ ձերբակալութիւններ կատարուած են։ Սպաննուածներէն 10 այրեր են եւ ութ կիներ։ Հայաստանի մէջ ալ համալսարանականներ բողոքած ու պահանջած են Հայաստանի կցել՝ անկէ անջատուած եւ օտարներու տրուած հայկական հողերը։ Երեւանի մէջ ձերբակալուած ու բանտարկուած են համալսարանական մտաւորականներ, որոնցմէ հինգը դատապարտուած են մէկէն հինգ տարուան բանտարկութեան։

- Թուրքիոյ օգնութեան Քոնսորցիումը, անցեալ շաբթու Փարիզի մէջ նիստ գումարելով որոշած է 42 միլիոն տոլարի նոր օգնութիւն մը տալ Թուրքիոյ, վերականգնումի այս տարուան ծրագրի գործադրութեան ընթացքին գոյացած բացը գոցելու համար։ Միւս կողմէ, ելեւմտական նախարար պրն. Ֆերիտ Մելէն յայտարարեց՝ թէ Քոնսորցիումը կառավարութեան դիմումին ընդառաջելով՝ որոշած է յետաձգել յառաջիկայ տարուան Թուրքիոյ պարտքի գանձումը։ Պրն. Մելէն յայտարարեց նաեւ թէ՝ Միջազգային Զարգացման Ամերիկեան կազմակերպութիւնը որոշած է հինգ միլիոն տոլարի վարկ տրամադրել Թուրքիոյ, ոռոգման մեքենաներու գնման համար։ Այս փոխատուութիւնը պիտի վերադարձուի 30 տարիէն հարիւրին երկուքուկէս տոկոսով։ Առաջին մասնավճարը պիտի տրուի 1974-ին։

- Այս տարուան պեղումներու ընթացքին, Արթիկի քարահանքերուն մէջ բազմաթիւ նոր իրեր յայտնաբերուած են Հայաստանի պատմութեան թանգարանի հնագէտներուն կողմէ։ Գտնուած իրերուն մէջ կան անագապղինձէ շինուած կաթսայ մը՝ իր շերեփով եւ երկժանիով, հաւանաբար դոյլի մը կտորը եղած փայտ մը, որ երկու հազար տարուան հնութիւն ունի եւ մեծ թիւով կապարճներ, դաշոյներ, գեղարդի ծայրակալներ։ Գտնուած են նաեւ ապարանջաններ, ուլունքներ, օղեր, խեցեգործական ամաններ, ապակիէ պատրաստոաւծ իրեր եւայլն։