Ազգային եւ Զաւարեան միացեալ վարժարանի տօնածառի հանդէսը տեղի ունեցաւ մեծ շուքով եւ ծնողաց եւ հանդիսականներու ներկայութեան։

Յունահայոց թեմական ընտրութեանց հետեւանքով Գոքինիոյ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնակատարութիւնը այս տարի կարելի չեղաւ որոշեալ թուականին կատարել։

Վերջացող տարուան ընթացքին, մէկ քանի անակնկալ կորուստներ ունեցաւ յունահայ գաղութը։ Այդ անակնկալ կորուստներէն մէկն էր նաեւ՝ Յունաստանի Հ.Մ.Ը.Մ.ի եւ ազգային շրջանակներու մէջ, անխտիր բոլորին կողմէ սիրուած ու յարգուած վեթերան Հ.Մ.Ը.Մ.ական Համբարձում Կիւտէնեանը,

-Հայ կրթական հիմնարկութեան քարտուղար Բիւզանդ Կռանեան կը հաղորդէ, որ ամերիկահայ ազգային մը խոստացած է 20.000 տոլար տրամադրել՝ Պէյրութի Փալանճեան ճեմարանի մէջ իր անունով հայագիտական ամպիոն եւ ուսուցչանոց մը հաստատելու համար: Նուիրատուն, Լոս Անճելըսէն, առ այժմ չ՛ուզեր յայտնել իր անունը: Անտարակոյս, հայագիտական դասընթացքներու հաստատումը նպաստ

Անցեալ օր հաճելի անակնկալն ունեցանք մեր սեղանին վրայ գտնելու նոր պարբերաթերթ մը՝ «Մշակ», որ կը ներկայանար իբրեւ պաշտօնաթերթը Լիբանանահայ ազգային վարժարաններու ուսուցչական միութեան: