Զաւարեան վարժարանի սրահին մէջ, Նոյեմբեր 22-ին, խանդավառօրէն տօնուեցաւ հայ ժողովուրդի ազատագրութեան դարբինին՝ Հ. Յ. Դաշնակցութեան 74-րդ տարեդարձը, հաւաքոյթ-խնճոյքով մը, որուն ներկայ եղան Գոքինիոյ եւ շրջաններու ընտրանին, Դաշնակցութեան կեանքով ու գործով հետաքրքրուող ազգայիններու աչքառու թիւ մը՝ եւ հաւատաւոր երիտասարդներու երկսեռ բազմութիւն մը։

Երիտասարդացի տղաքը Եռագոյն ժապաւէններով զարդարած էին սրահը։ Իսկ բեմին երկու կողմերը կը ծածանէին հելլենական եւ հայկական դրօշները, որոնց մէջտեղը տեղաւորուած էին Դաշնակցութեան երեք հիմնադիրներու նկարները։ Սրահին բոլորտիքը՝ գոյնզգոյն ծաղիկներով տեղաւորուած էին տասնեակներով սեղաններ, որոնց շուրջ բոլորուած, ներկաները անմոռանալի հայկական մթնոլորտի մէջ քանի մը ժամեր ապրեցան։ Հաւաքոյթը բացուեցաւ «Յառաջ, նահատակ»ով, զոր բոլոր ներկաները երգեցին յոտնկայս։ Նախագահ ընկ. Կարօ Մինասեան բացման խօսքը ընելով ի միջի այլոց ըսաւ.- «Դաշնակցութիւնը վաղն ալ պիտի շարունակէ հանդիսանալ հայ ժողովուրդի իտէալներուն հարազատ ու հաւատարիմ արտայայտիչը»։ Շատ յաջող ու տպաւորիչ արտասանութիւններ ըրին Երիտասարդացի անդամուհիներէն ընկ. Սօնա Պէօրէկճեան եւ ընկ. Եղիա Գասարճեան։ Հ. Յ. Դ. Երիտասարդացի Կեդր. վարչութեան կողմէ ընկ. Կիրակոս Մկրտիչեան կարդաց ոգեշունչ ուղերձ մը՝ հայ յեղափոխական անզուգական մարտիկներու յիշատակին ձօնուած։ Յաջորդաբար, հրաւիրուեցաւ օրուան բանախօս ընկ. Յարութիւն Մեքթուպճեան։ Ան իր խօսքը փակեց ըսելով որ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը պիտի ընէ իր կարելին, ինչպէս ըրած է 74 երկար տարիներ անշեղ ու անսայթաք։ Բանախօսէն ետք Երիտասարդացի անդամները ազգային-յեղափոխական երգերով կը թնդացնէին սրահը։ Համեղ աղանդերներով ու ըմպելիով խանդավառ մթնոլորտի մէջ շարունակուեցաւ խնճոյք-հաւաքոյթը մինչեւ ուշ ատեն։