Առանց վերյուշի անցնելու: Առանց «յօդուած» ի վերածելու նիւթը: Երբ մեզի հետ պապենական հողերէն քշուեցանք, չափով մը մեզի հետ բերինք մեր թափուները: Այգիին, տունին, գիւղին, արտին մե՛րը ըլլալու պետական գիրը:
Քիչով մեզի հետ բերուածին մեծ մասը երեւս փճացաւ: Նկատուեցաւ «պարապ բան»: Իմաստէ զուրկ՞։ Պատռուեցաւ: Նետուեցաւ: Այրեցա՛ւ։ Ըրինք մեր յուսահատութեան մէջ: Նաեւ՝ Երբ ոեւէ հայ հայրենակից ուզեց Թուրքիա մտնել որպէս այցելու, իրեն պարտադրուեցաւ յաճախ, մեղաւոր հեռատեսութեամբ, ստորագրել հետեւեալը. «Սեփականութիւն չունիմ Թուրքիոյ մէջ»: Կամ՝ ասոր նմանակը: Այս բոլորը գեղան, կ՛ըլլան: Առնուած ստորագրութիւնները, երբ օրը գայ, կարելի կ՛ըլլայ որպէս հակափաստ օգտագործել: Այդ մէկը, յետոյ: Իսկ ա՛յժմ: Այժմ երբ յիսնամեկաի առթիւ մանսակի կամ կեդրոնական յանձնախումբեր կը ստեղծուին: Պատասանատւոները կը կարծենք, օգտակար գործ մը տեսած կ՛ըլլան, եթէ ստեղծեն գրասենեակ մը եւ հրաւիրեն մեր արիւնակիցները, փոխան ստացագրերու, հո՛ն տալ իրենց քով հրաշքոգ պահուած թափուները: Հաւաքուած քիչն անգամ, եթէ քաղաքական վէճերու ընթացքին կարելի չըլլայ օգտագործել, պէտք չըլլայ ատոնց, նոնյիսկ, Օր մը, Պետական մատենադարանի մէկ անկիւնը կը դնենք՝ որպէս անցեալի յուշ: Փաստ՝ համամշխարտհային «արդարադատութեան»: Բա մըն է, կը խորհինք: Թափուներու հաւաքման ձեւը թող ճշդեն պատասխանատուները: Կը կարծենք, որ բացատրողագրոգ մը կարելի է կարճ ժամանակուան մը մէջ այդ կարեւոր մէկտեղումը ընել: Յիսնամեակի առիթով ստեղծուած կիրքը դէպի Հայ դատը, պէտք չէ վերջանայ յիսնամեակի փակումով: Չի ալ վերջանար, անշուշտ: Պահանջատէր ըլլալու զգացումը պէտք է գործնականօրէն փոխանցուի սերունդէ սերունդ, մինչեւ պայծառ օրը:
Ե. ԵՐԿԱԹ «Առաջարկ մը յիսնամեակի առթիւ»