Վ. Պօղոսեանի ստորագրութեամբ, հետեւեալ թղթակցութիւնը կարդանք.- «Նոր Սերունդ»ի տղոց համար, անտարակոյս անմոռանալի թուական մը պիտի մնայ։
Արդարեւ, իրենց խմբակին կազմութենէն դեռ տարի մը չանցած, անոնք յաջողեցան կազմակերպել իրենց առաջին հրապարակային ձեռնարկը, որ անակնկալ մը եղաւ ներկաներուն համար։ Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ հելլէնեւամերիկեան միութեան նորակառոյց շէնքին ընդարձակ մէկ սրահին մէջ, ի ներկայութեան բաւական մեծ թիւով հանդիսականներու, որոնց միջեւ՝ գերյ. Ծվրդ. Խանցեան, գեր. Ծվրդ. Գոյունեան, արժ. Տ. Գեղարդ քհնյ. Պապօղլեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի, Հ. Յ. Դ. Երիատասարդացի եւ այլ ներկայացուցիչներ, երիտասարդներ, երկսեռ «Նոր Սերնդականներ» որոնք բոլորն ալ յուզուած էին իրենց այս առաջին հրապարակային ելոյթին համար։ Երիտասարդներ, հայ երկսեռ երիտասարդներ, Աթէնքի ամէն շրջաններէն, ամէն դասակարգի, բոլորն ալ միացած ու խանդավառ, կազմակերպած էին գեղեցիկ հանդէս մը՝ նուիրուած հայազգի աշխարհահռչակ երգիչ ու երգահան Շարլ Ազնաւուրի։ Ներկայիս, արդիական երաժշտութիւնը մեծ դեր կը խաղայ երիտասարդներուն մօտ, այնպէս որ, աշխարհի թիւ մէկ երգիչին՝ հայազգի Ազնաւուրի նուիրուած այս հանդէսը, հայ երիտասարդներու կողմէ, իսկապէս շատ գովելի մտածում մըն էր։ Բացման խօսքէն վերջ, ուր «Նոր Սերունդ»ի ղեկավարը պրն. Յ. Ճէլալեան ներկաներուն բացատրեց խմբակին նպատակը ու գործադրուեցաւ յայտագիրը։ Շատ հետաքրքրական էր Ազնաւուրի կենսագրականին ներկայացումը՝ օր. Ն. Հովարտեանի եւ պրն. Մ. Սարգիսեանի կողմէ։ Մէջընդմէջ տրուեցան Շարլ Ազնաւուրի ամէնածանօթ երգերը, որոնք լսուեցան բարձրախօսէն։ Ազնաւուրի երկու մեծ յաջողութիւններէն «Թրօ թար» (Շատ ուշ) եւ «Լա մամմա»ն (մայրիկը) հայերէնի թարգմանուած արտասանեցին՝ օրիորդներ Ռ. Պետոյեան եւ Հ. Յակոբեան, երկուքն ալ խոր ապրումով։ Իսկ պրն. Կ. Պասմաճեան արտասանեց «Լա մամմա»ն ֆրանսերէնով։ Իր փակման խօսքին մէջ պրն. Ճէլալեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն։