-Հայֆիլմի գործունէութիւնը վերջերս, խստօրէն քննադատուած է Երեւանի մէջ տեղի ունեցած հաշուետու¬ընտրական ժողովի մը ընթացքին։ Ժողովականները շեշտած են, թէ Հայաստանի մէջ պատրաստուած ժապաւէնները «միջին մակարդակ»էն իսկ վար աստիճանի մը վրայ կը գտնուին։ Անկախ այն իրողութենէն, թէ «Հայֆիլմ»ի արտադրած ժապաւէնները «գաղափարազուրկ» են եւ չեն արտայայտեր համայնավար գաղափարականութեան «նպատակասլացութիւնը» անոնք նաեւ զուրկ են արուսետի եւ թեքնիկի արժանիքներէն։ Ժողովականները մատնանշած են նոյնպէս վերջին շրջանին, հրապարակ ելած գլխաւոր ժապաւէններուն թերութիւնները։ Օրինակ, «Երգում է Գոհար Գասպարեանը» ժապաւէնը ունէր «բեմադրութեան, կառուցուածքի լուրջ թերութիւններ, արհեստական անցումներ, շատ կէտերու մէջ՝ բեմադրութեան պարզունակ լուծումներ։

-Երեւանի պետական համալսարանը լոյս ընծայած է Գէորգ Խրլոպեանի «Անանիա Շիրակացու աշխարհահայեացքը»։ Հեղինակը կը վերլուծէ 7-րդ դարու մեծանուն գիտնականին բնագիտական, մանկավարժական եւ փիլիսոփայական հայեացքները 5-րդէն 15-րդ դարերու միջազգային եւ հայ մշակոյթի նուաճումներուն պաստառին վրայ։ Գիրքը կրնայ օգտակար ըլլալ հայագէտներուն, արեւելագէտներուն, բիւզանդագէտներուն, փիլիսոփայութեան եւ յատկապէս միջնադարեան  պատմութեան մասնագէտներուն։

-Սուտանի մայրաքաղաք Խարթումի Քոմպոնի Գոլէճին մէջ, հայ ուսանողութեան համար հաստատուած է հայերէնի դասընթացք։ Դասախօսի պաշտօնին հրաւիրուած է Խարթումի Ազգային վարժարանի տնօրէն պրն. Օ. Գալուստեան։

-Պարսկահայ Գրողներու միութիւնը, որ Թեհրանի մէջ կազմուած էր 1961-ին, որոշած է յաջորդաբար լոյս ընծայել երեք հաւաքածոներ։ Առաջինը նուիրուած պիտի ըլլայ պարսկահայ թարգմանիչներու գործերուն, երկրորդը՝ պարսկահայ գրագէտներու ստեղծագործութեանց լաւագոյն նմուշներուն, պարսկերէն լեզուով։