Մեծ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց կաթողիկոս Պատրիարք Իգնատիոս - Պետրոս 16-րդ Պաթանեան, Դեկտեմբեր 14-ին, ընկերակցութեամբ պատրիարքական փոխանորդ Արհի. Մեսրոպ Եպս. Թերզեանի՝ այցելած է Լիբանանի նախագահ պրն. Շարլ Հելուին, որուն հետ կէս ժամ տեսակցած է։
Նախագահական պալատ մուտքին ու ելքին, Ամէն. կաթողիկոս - պատրիարքը արժանացած է զինուորական պատիւներու։
Նիւ Ճըրզիի (Ամերիկա) Մերչընթվիլ քաղաքը՝ երկրորդ անգամ ըլլալով քաղաքապետ ընտրած է պրն. Ուալթըր Քիւրքեանը։ Պրն. Քիւրքեան բնիկ կեսարացի է։ Մեծ Եղեռնին թրքական վայրագութեան զոհ գացած են իր հայրը՝ ընկ. Վահան Քիւրքեան, Հ.Յ.Դ. նուիրուած անդամ մը, եւ իր բազմաթիւ ազգականները։ Իր մայրը փախած է երկրէն երեք փոքր զաւակներով, եւ ի վերջոյ 1920-ին հասած են Ամերիկա։ Պրն. Ուալթըր Քիւրքեան աւարտած է Քեմթընի բարձրագոյն վարժարանը։ Առեւտրական ասպարէզի մասնակցելով, կարեւոր յաջողութիւններ ունեցած է։ Մասնակցած է նաեւ, իբրեւ գործօն անդամ, զանազան հայ եւ ամերիկեան հանրօգուտ կազմակերպութեանց։
«Գրական Թերթ»ի վերջին թիւին մէջ, գրադատ Ա. Քալանթարեան կը ներկայցնէ մանուկներու ընթերցանութեան սահմանուած գիրքերը։ Եւ կուգայ այն եզրակացութեան, թէ գրեթէ բոլոր գիրքերն ալ կը կրեն «չտեսնուած անփութութեան» մը հետքը։ Գրադատի յիշատակած օրինակներէն կը քաղենք մէկ քանին, ցոյց տալու համար Հայաստանի մէջ մշակուած մանկական գրականութեան դիմագիծը։
Քսանըմէկ տարիներու իր բացառիկ ծառայութիւններուն եւ յարատեւ աշխատանքին համար, Պէյրութի Եու.Էս.Սիի Ամերիկեան տպարանին վերահսկիչը՝ հայազգի պրն. Սերոբ Անթունեան, արժանացած է Ամերիկեան արժանեալ կարգի շքանշանին։