Կիրակի առաւօտեան ժամը 9-ին, Նէաբոլիսի մարզադաշտին մէջ տեղի ունեցաւ ոտնագնդակի Գ-րդ դասկարգի ախոյենական մրցաշարքի 5-րդ հանդիպումը, Հ.Մ.Ը.Մ.ի եւ յունական Ա.Է. Գորիտալոս խումբերուն միջեւ։

Հակառակ աննպաստ օդին, մեր մարզիկները առաջին իսկ վայրկեանէն իրենց ճկուն ու թեքնիկ խաղարկութեամբ կարողացան չէզոքացընել հակառակորդ խումբի յարձակումները։ Խաղի 20-րդ վայրկեանին, եղբ. Յակոբ Գրիգորեան անձնական ճիգերով նշանակեց մեր յաղթութեան առաջին կէտը։ Մեր մարզիկները խրախուսուած՝ հակայարձակումի անցան եւ առաջին կէտը նշանակուելէն հազիւ 10 վայրկեան վերջ, եղբ. Կարօ Աւագեան նշանակեց մեր երկրորդ կէտը։ Առաջին կիսախաղը լրացաւ 2-0 արդիւնքով՝ ի նպաստ Հ.Մ.Ը.Մ.ի։ Երկրորդ կիսախաղի առաջին հինգերորդ վայրկեանին, հակառակորդ խումբի բերդէն 15 մերթ հեռու՝ եղբ. Կարապետ Չալեանի կողմէ քաշուած զօրաւոր հարուածով նշանակուեցաւ մեր խումբի երրորդ կէտը։ Խաղը լրացաւ 5-1 արդիւնքով, ի նպաստ Հ.Մ.Ը.Մ.ի խումբին։

Շաբաթ օր, Գոքինիոյ Սկաուտական ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ պարհաւաքոյթ մը, կազմակերպուած Հ.Մ.Ը.Մ.ի երէց սկաուտներու կողմէ։ Ներկայ էին՝ տեղւոյս Հ.Մ.Ը.Մ.ի վարչութեան ատենապետը, վարչական անդամները, Ֆիքսի Հ.Մ.Ը.Մ.ի վարչութիւնը, Հ.Յ.Դ. Երիտ. միութեան կեդր. վարչութեան ներկայացուցիչներ, մարզիկներ, սկաուտներ եւ քոյր մասնաճիւղերու վարչական կազմերը եւ անդամ-անդամուհիներ։ Ճաշակաւոր կերպով զարդարուած էր ակումբը։ Կարմիր ու կապոյտ թուղթերով պատուած լոյսերը, բոլորովին փոխած էին ակումբին սովորական տեսքը։ Ներկաները հիւրասիրուեցան ըմպելիներով եւ միրգերով։ Կատարուեցաւ վիճակահանութիւն, եղան եւրոպական եւ խմբային պարեր։ Ուշ գիմերին, եղբ. Կ. Աւագեան ներկաներուն շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք, հաւաքոյթը փակուեցաւ եւ ներկաներուն կողմէ յոտնկայս երգուեցաւ «Յառաջ Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտներ» քայլերգը։