- Մարգարիտը կը գտնուի ծովերուն եւ երբեմն ալ գետերուն մէջ։ Սակայն, փաստուած է, որ կը գտնուի նաեւ լեռներու վրայ՝ հրաբխային ծագումով։ Արագածի վրայ գոյութիւն ունի հրաբխային քար մը, որ շատ կը նմանի մարգարիտին եւ, այդ իսկ պատճառով, գիտնականները այդ

Հայ մարդու ձեռքով շինուելիք նոր արուեստական լիճը պիտի ծփայ բնական թուող վայրի մը մէջ։ Պիտի նկատուի բնութեան ստեղծած մէկ հրաշալիք։

Երեք տարուան կեանք ունի «Բագին» ամսագիրը: Բեղուն կեանք մը: Երեք տարի անընդհատ, ժամացոյցի կանոնաւորութեամբ, ամէն ամիս կը հասնի ընթերցողին, յիշեցնելու համար, որ տեղ մը գրականութեան նուիրուած, գրականութեամբ ապրող, գրականութիւնը իրենց մեծագոյն կիրքը ըրած խանդավառ եւ ինքնամոռաց տղաք կան, որոնք սփիւռքի դժնդակ պայմաններուն մէջ կը ծառայեն գեղեցիկ դպրութեան:

Երջանկայիշատակ Սահակ կաթողիկոս Խապայեանի վախճանման 25-րդ տարելիցն է: Մեծ եղեռնի յիսնամեակին զուգադիպող այս տարեդարձին ոգեկոչումը արդար է եւ յուզիչ:

- Խորհրդային Միութեան համայնավար կուսակցութեան քարտուղար պրն. Փոթկորնիի գլխաւորութեամբ սովիէթական խորհրդարանական պատուիրակութիւն մը ժամանեց թրքական մայրաքաղաքը, պաշտօնական այցելութեան եւ Կիպրոսի հարցին շուրջ թուրք կառավարութեան