Ազգային եւ Զաւարեան միացեալ վարժարանի տօնածառի հանդէսը տեղի ունեցաւ մեծ շուքով եւ ծնողաց եւ հանդիսականներու ներկայութեան։

Հանդէսին ներկայ եղան՝ արժ. Տ. ՆԵրսէս Աւ. քհնյ. Խոշորեան, Ազգ. կեդր. վարչութեան, Կրթական խորհրդոյ, Հ. Կ. Խաչի Շրջ. ու մասնաճիւղերու վարչութիւններու ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ Ֆիքսի Լ. եւ Ս. Յակոբեան վարժարանի տնօրէնութիւնը։ Բեմը զարդարուած էր գունագեղ ժապաւէններով ինչպէս նաեւ աւանդական տօնածառով՝ որ պճնուած էր պէսպիսուն խաղալիքներով։ Մանկապարտէզի երկսեռ փոքրիկները իրենց արտասանութիւններով եւ խմբերգներով անվերջ ծափեր խլեցին ներկաներէն։ Ակներեւ էր տիկին Արփինէ Մխիկեանի տարած աշխատանքը։ Հանդէսի երկրորդ մասը յատկացուած էր նախակրթարանի բաժնին։ Միացեալ վարժարանի տնօրէնուհի՝ տիկին Ալիս Ֆարաճեան բեմ գալով շնորհաւորեց ներկաները Նոր Տարուան առիթով։ Տիկին Ֆարաճեան շնորհակալութիւն յայտնեց Ամերիկայի Հ.Օ.Մ.ի Կեդր. Վարչութեան, Հայ Կրթական Հիմնարկութեան, Հ. Կ. Խաչի Յունաստանի Շրջ. վարչութեան, Հ. Գարակէօզեան հաստատութեան եւ բոլոր այն կազմակերպութեանց որոնք զօրավիգ կանգնեցան սոյն կրթարանի յարատեւման եւ յաջողութեան, ու բարւոք մատակարարման։ Նախակրթարանի աշակերտներուն կողմէ ներկայացուեցան հայերէն եւ յունարէն տրամախօսութիւններ, որոնք արժանացան երկարատեւ ծափերու։ Յիշատակութեան արժանի են վերջին երկու խմբային պարերը, նախ՝ «Նաւաստիներ»ը եւ ապա հայկական պարը, որոնք բացառիկ յաջողութիւն արձանագրեցին։ Հանդէսի վերջաւորութեան վարժարանի բոլոր աշակերտներուն բաժնուեցան Կաղանդի նուէրներ եւ շաքարեղէն։ Բոլորն ալ նուիրուած՝ Հ. Կ. Խաչի Շրջանային Վարչութեան եւ Հ. Գարակէօզեան հաստատութեան կողմէ։ ՆԵրկաները ջերմօրէն շնորհաւորելով ուսուցչական կամզը՝ լաւ տպաւորութիւններով մեկնեցան վարժարանէն։