-Հայ կրթական հիմնարկութեան քարտուղար Բիւզանդ Կռանեան կը հաղորդէ, որ ամերիկահայ ազգային մը խոստացած է 20.000 տոլար տրամադրել՝ Պէյրութի Փալանճեան ճեմարանի մէջ իր անունով հայագիտական ամպիոն եւ ուսուցչանոց մը հաստատելու համար: Նուիրատուն, Լոս Անճելըսէն, առ այժմ չ՛ուզեր յայտնել իր անունը: Անտարակոյս, հայագիտական դասընթացքներու հաստատումը նպաստ մը պիտի ըլլայ ուսուցիչներու եւ կրթական մշակներու պատրաստութեան, շրջանի մը մէջ, ուր զգալի կը դառնայ որակեալ տարրերու պակասը:
-Ուաշինկթըն Փոսթ թերթի տեղեկութեանց համաձայն, Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար պրն. Մաքնամարա, վերջերս, Փարիզի մէջ, ՆԱԹՕ բաւարար չափով պատրաստուած չէ զինակցութեան Միջերկրականեան կամ հիւսիսային շրջանի անդամ¬երկիրներէն մէկուն դէմ ըլլալիք յարձակում մը դիմագրաւելու համար։ Պրն. Մաքնամարա շեշտած է, թէ զինակցութեան երկիրները պէտք է իրենց ճիգերը կեդրոնացնեն եւ ստեղծեն հարուածող դիւրաշարժ միաւորներ, որոնք կարենան գործածուիլ պատահական եւ «փոքր» պատերազմներու ընթացքին։ «Ուաշինկթըն Փոսթ»ի համաձայն, պրն. Մաքնամարա շեշտած է թէ ՆԱԹՕ պէտք եղած չափով պատրաստուած չէ դիմագրաւելու համար.¬ 1. Գերմանիոյ մէջ անակընկալ բախում մը, որ կրնայ առաջնորդել մեծածաւալ պատերազմի մը, զոր ոչ ոք կը փափաքի։ 2. Բռնադատանքի համայնավարական սպառնալիքներ, հիմնուած համայնավարներու այն տեսակէտին վրայ, թէ դաշնակիցները կը վախնան կորիզային պատերազմէն եւ չեն կրնար ոչ¬կորիզային պաշտպանութիւն խոստանալ։ «Ուաշինկթըն Փոսթ»ի համաձայն, միայն Ֆրանսա ընդդիմացած է Մաքնամարայի այս տեսակէտներուն։
-Հակառակ Մ. Նահանգներու եւ Արաբական Միացեալ Հանրապետութեան յարաբերութեանց մէջ վերջերս արձանագրուած ձգտումին, ամերիկեան կառավարութիւնը արտօնեց որ 17 միլիոն տոլար արժէքով ցորեն տրուի Արաբական Միացեալ Հանրապետութեան՝ «սննդեղէն՝ խաղաղութեան համար» ծրագրէն։