- Խորհրդային Միութեան համայնավար կուսակցութեան քարտուղար պրն. Փոթկորնիի գլխաւորութեամբ սովիէթական խորհրդարանական պատուիրակութիւն մը ժամանեց թրքական մայրաքաղաքը, պաշտօնական այցելութեան եւ Կիպրոսի հարցին շուրջ թուրք կառավարութեան հետ խօսակցութեանց համար։ Պրն. Փոթկորնի եւ պատուիրակութեան անդամները օդանաւակայանին մէջ ընդունուեցան։ Ծերակոյտի նախագահ պրն. Էնվէր Ագայի կողմէ, որ յայտարարեց՝ թէ այս այցելոթիւնը երկու երկիրներու բարեկամութեան ամրապնդաման մէջ նոր քայլ մը պիտի ըլլայ։ Պրն. Փոթկորնի ալ յայտարարեց՝ թէ թուրքեւսովիէթ սահմանները բարեկամութեան ամրապնդման խորհրդանիշ պիտի ըլլան։ Սեւ Ծովը պիտի դադրի մեր երկու երկիրները իրարմէ բաժնելէ եւ պիտի դառնայ առեւտրական փոխանակութեանց շարունակ աճման ուղի մը։ Սովիէթական խորհրդարանական պատուիրակութեան անդամները ընդունուեցան արտաքին գործոց նախարար պրն. Էրկինի պաշտօնական բնակարանին մէջ։
- Նոր Տարուան առթիւ, Աթէնքի Մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ գոհաբանական արարողութիւն՝ նախագահութեամբ Աթէնքի եւ համայն Յունաստանի արք. Խրիսոսթոմոս սրբազանի։ Ներկայ էին թագաւորը, թագուհին, գահաժառանգ իշխանուհին, վարչապետը, նախարարներ, խորհրդարանի նախագահը, կուսակցապետերը, երեսփոխաններ, Աթէնքի քաղաքապետը, բանակի ղեկավարները, օտար երկիրներու դեսպաններ, օտար յարանուանութեանց պետերը եւ այլ պաշտօնական դէմքեր։ Մասնաւոր հրաւէրով ներկայ էին նաեւ՝ թեմակալ առաջնորդ գերշ. Տ. Սահակ արք. Այվազեան եւ Ազգ. Կեդր. վարչութեան ատենապետ պրն. Ներսէս Յակոբեան։ Արարողութեանց աւարտումէն ետք, առաջնորդ սրբազան հայրը, Աթէնքի հոգեւոր հովիւ՝ արժ. Տ. Ներսէս Աւ. քհնյ. Խոշորեան եւ պրն. Յակոբեան պալատ երթալով՝ իրենց եւ յունահայութեան շնորհաւորութիւններն ու բարեմաղթութիւնները յայտնեցին թագաւորին եւ թագուհիին։