Վերջացող տարուան ընթացքին, մէկ քանի անակնկալ կորուստներ ունեցաւ յունահայ գաղութը։ Այդ անակնկալ կորուստներէն մէկն էր նաեւ՝ Յունաստանի Հ.Մ.Ը.Մ.ի եւ ազգային շրջանակներու մէջ, անխտիր բոլորին կողմէ սիրուած ու յարգուած վեթերան Հ.Մ.Ը.Մ.ական Համբարձում Կիւտէնեանը,

որուն մահը տեղի ունեցաւ իր բնակարանին մէջ, Դեկտեմբեր 27-ին, սրտի կաթուածի հետեւանքով։ Համբարձում Կիւտէնեանի յուղարկաւորութիւնը կատարուեցաւ Դեկտեմբեր 28-ին՝ Ֆիքսի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ՝ թեմակալ առաջնորդ գերշ. Տ. Սահակ Ս. արքեպիսկոպոսի եւ մասնակցութեամբ՝ Աթէնքի Ս. Գր. Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հովիւ՝ արժ. Տ. Ներսէս Ա. քհնյ. Խոշորեանի եւ Տուրղութիի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ արժ. Տ. Գեղարդ քհնյ. Պապօղլեանի։ Յուղարկաւորութեան ներկայ էին՝ հանգուցեալին սգակիր քոյրը, ազգականները, հայրենակիցները եւ բարեկամները։ Հանգուցեալին յիշատակը յարգելու եկած էին նաեւ՝ Ազգ. Կեդր. վարչութիւնը, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Յունաստանի Շրջ. վարչութիւնը, Տնտեսական խորհուրդը, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Ֆիքսի, Գոքինիոյ եւ Գարէայի մասնաճիւղերու վարչութիւնները, Ֆիքսի Եկեղեցւոյ Շինութեան Յանձնախումբը, Հ. Կ. Խաչի Ֆիքսի մասնաճիւղի վարչութիւնը ինչպէս նաեւ բոլոր միութիւններու ներկայացուցիչները եւ հարիւրաւոր ազգայիններ։ Բազմաթիւ ծաղկեպսականեր ղրկուած էին միութիւններու եւ հայրենակիցներու կողմէ։ Արարողութեան աւարտին սրբազան հայրը յուզիչ դամբանական մը խօսեցաւ, շեշտելով հանգուցեալին ազգանուէր գործունէութիւնը։ Ապա, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջ. վարչութեան կողմէ, տպաւորիչ դամբանական մը խօսեցաւ եղբ. Լեւոն Գայեան, որմէ ետք, հանգուցեալին դագաղը, Ֆիքսի ֆութպոլիստներու եւ պասքեթպոլիստներու կողմէ տարուեցաւ մինչեւ մեռելակառքը։ Համբարձում Կիւտէնեան ծնած էր 1897-ին, Իզմիրի մէջ։ Իր նախնական կրթութիւնը ստացած էր Իզմիրի հայկական ազգ. վարժարաններուն մէջ։ Փոքրասիական աղէտէն ետք, շատերու պէս, ինքն ալ հաստատուած էր Տուրղութիի հայաշատ գաղթակայանին մէջ, ուր իր չարքաշ աշխատանքով, յաջողած էր բարեկեցիկ կեանք մը ստեղծել։