Հայ մարդու ձեռքով շինուելիք նոր արուեստական լիճը պիտի ծփայ բնական թուող վայրի մը մէջ։ Պիտի նկատուի բնութեան ստեղծած մէկ հրաշալիք։

Ապագայ լիճը, որու շինութեան արդէն իսկ ձեռնարկուեած է, պիտի ունենայ 320 հեկտար տարածութիւն եւ 91 միլիոն խորանարդ մէթր ջուր ամբարելու տարողութիւն։ Լիճին ջուրին գլխաւոր սնուցանողը պիտի ըլլան Քասախ գետը, ինչպէս նաեւ անձրեւներուն եւ մօտակայ լեռներուն ձիւներուն ջուրերը։ Ամբարուած ջուրերը պիտի ոռոգեն աւելի քան 75 հազար հեկտար տարածութիւն՝ Ապարանի, Աշտարակի եւ Էջմիածնի շրջաններուն մէջ։ Լիճին ջուրերուն ընթացքը կարգաւորելու նպատակով՝ լիճին յատակը պիտի հաստատուին երկու փապուղիներ։ Ամէնէն մեծը որ պիտի ունենայ 550 մեթր երկարութիւն, պիտի հանդիսանայ ոռոգման համար գործածուելիք ջուրերուն գլխաւոր ուղին, իսկ միւսը՝220 մեթր պիտի ծառայէ իբրեւ կարգաւորիչ։ Այս ձեւով լիճը զերծ պիտի մնայ ամէն տեսակ աղէտներէ եւ պատահարներէ։


Նկարներ, ժապաւէններ, սալեր եւ ձայներիզներ կը խօսին Հայաստանի պատմութեան, արուեստի, կենցաղի մասին։ Դիւանատունը, որ կը կրէ «Ֆոթօ ֆոնօ Կինօ վաւերանիւթերու դիւանատուն» անունը, կը պարունակէ 70 հազար փաստաթուղթեր, որոնք դասաւորուած են արդիական ըմբռնումներով։ Նկարներու ամբողջ շարք մը նուիրուած է հին հայկական ճարտարապետութեան (Անիի, Զուարթնոցի, Գառնիի եւն.)։ Բազմաթիւ նկարներ կը պատկերացնեն հայ ժողովուրդի անցեալն ու ներկան, սովորութիւնները, կենցաղը, բարքերը, արհեստները, եւայլն։ Ուսումնասիրողները կրնան ծանօթանալ կամ օգտագործել իրենց ուսումնասիրութիւններուն համար հայութեան մարտական անցեալը պատկերացնող բազմաթիւ փաստաթուղթեր՝ 18-12-էն մինչեւ այսօր։ Ամբողջ պատկերասրահ մը կարելի է զարդարել հայ արուեստին եւ ար-ւեստագէտներուն նուիրուած նկարներով եւ սալերով։ Նկարներու շարք մը կը ներկայացնէ Երեւանի եւ միւս քաղաքներուն հինն ու նորը։